Գէորգ Ղարիբեան` Ըմբշամարտի Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Ախոյեան

2206kevork-gharipianԼեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան առաջին օրը, 60 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Ղարիբեան, աւարտականին իր կատարած ճակատումին, առաւելութեան հասնելով ֆրանսացի իր մրցակիցին` Եասին Օզայի դէմ, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

96 քկ դասակարգին մէջ Կարէն Աբգարեան յաղթելէ ետք Ալեքսանտր Քրոզաքի (Լեհաստան), տիրացաւ պրոնզ մետալին:

Share this Article
CATEGORIES