Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աւարտականի Երրորդ Եւ Չորրորդ Մրցումներուն Թուականները Փոխուեցան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ չորրորդ մրցումները յետաձգուեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնք ուղղակիօրէն պատկերասփռել:

Սկզբունքով 3-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենար երէկ` կիրակի, իսկ 4-րդ մրցումը` ուրբաթ, 27 յունիսին:

Նոր յայտագիրին հիմամբ, 3-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 27 յունիսին, իսկ 4-րդ մրցումը` կիրակի, 29 յունիսին:

Ֆետերասիոնը անոնց թուականը պիտի հրապարակէ աւելի ուշ:

Share this Article
CATEGORIES