2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Դժուարութեամբ Յաղթեց Իրանին (1 – 0). Գերմանիա – Ղանա` 2 – 2. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Ա. Եւ Բ. Խմբակներուն Վերջին Մրցումները

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ:

Զ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին, որ արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, երբ քիչ մը դժուարութեամբ 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանը` շուրջ 58 հազար համակիրներու ներկայութեան:

Լիոնիլ Մեսսի

Լիոնիլ Մեսսի

Արժանթին, որ գնդակին տիրապետեց 70 տոկոսով, իր միակ կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ), երբ մեծ քառակուսիէն դուրս Լիոնիլ Մեսսի պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդապահը:

Իրան կատարեց 14 ֆաուլ, մինչ Արժանթին` 8:

Օրուան իրաւարարն էր Միլորատ Մազիչ (Սերպիա):

Նոյն խմբակին մաս կազմող Նիկերիա կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի յաջորդ հանգրուան, երբ 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Պոսնիոյ: Անիկա այժմ ունի 4 կէտ եւ երկու կէտով ետ կը մնայ Արժանթինէն: Իրան 1 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

40 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Փիթըր Օտեմուինկի նշանակեց Նիկերիոյ կոլը (29-րդ):

Էններ Վալենսիա

Էններ Վալենսիա

Ե. խմբակին մաս կազմող Էքուատոր արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 2 – 1 արդիւնքով յաղթելով Հոնտիւրասի: Էններ Վալենսիա նշանակեց Էքուատորի երկու կոլերը (34-րդ եւ 65-րդ):

Է. խմբակին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք աւարտեցաւ Գերմանիա-Ղանա մրցումը` 2 – 2 հաւասարութեամբ:

Գերմանիա - Ղանա մրցումէն

Գերմանիա – Ղանա մրցումէն

Ղանայի մարզիկները մրցումին արդիւնքէն այդքան ալ գոհ չմնացին, որովհետեւ միայն մէկ կէտով շատ չնչին յոյսեր ունին հասնելու յաջորդ հանգրուան:

Մարիօ Կէօթցէ

Մարիօ Կէօթցէ

Շուրջ 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Մարիօ Կէօթցէ բացաւ մրցումին հաշիւը (51-րդ)` ի նպաստ Գերմանիոյ: Սակայն երեք վայրկեան ետք Անտրէ Էտու հաւասարեցուց արդիւնքը: 63-րդ վայրկեանին Ղանա 2 – 1 արդիւնքով գերազանցեց Գերմանիան Ասամոահ Ճիանի նշանակած կոլին շնորհիւ (63-րդ):

Քլոզը իւրայատուկ ձեւով մը կը տօնէ իր նշանակած կոլը

Քլոզը իւրայատուկ ձեւով մը կը տօնէ իր նշանակած կոլը

Սակայն 69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Միրոսլաւ Քլոզը նշանակեց Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը` 71-րդ վայրկեանին:

Է. խմբակին մէջ, երէկ, Պելճիքա 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ, երբ մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ, Տիվոք Օրիկի նշանակեց հանդիպումին միակ կոլը: Մրցումին ներկայ էր շուրջ 74 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարն էր Ֆելիքս Պրիչ (Գերմանիա):

Պելճիքա - Ռուսիա մրցումէն

Պելճիքա – Ռուսիա մրցումէն

Նշենք, որ Պելճիքա ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԺԱՄ
Բ. ԽՄԲԱԿ
Հոլանտա – Չիլի 19:00
Սպանիա – Աւստրալիա 19:00
Ա. ԽՄԲԱԿ
Պրազիլ – Քամերուն 23:00
Խրուաթիա – Մեքսիքա 23:00
  • ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ նախօրեակին, այժմ վերոնշեալ երկու խմբակներուն դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
Բ. ԽՄԲԱԿ Յ. Հ. Պ. Նշ. Ստ. Կէտ
1.- Հոլանտա 2 0 0 8 3 6
2.- Չիլի 2 0 0 5 1 6
3.- Աւստրալիա 0 0 2 3 6 0
4.- Սպանիա 0 0 2 1 7 0

 

Ա. ԽՄԲԱԿ Յ. Հ. Պ. Նշ. Ստ. Կէտ
1.- Պրազիլ 1 1 0 3 1 4
2.- Մեքսիքա 1 1 0 1 0 4
3.- Խրուաթիա 1 0 1 5 3 3
4.- Քամերուն 0 0 2 0 5 0
Share this Article
CATEGORIES