Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ հետեւիք այնպիսի անձերու խօսքերուն, որոնց հաւաստի ըլլալը յստակ չէ: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին թելադրանքներուն: Այդ է ճշմարիտը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութենէ մը ետք պիտի ունենաք նոր որոշում մը` ձեր կեանքը նոր սկզբունքներով շարունակելու: Ինքնաքննարկումի ժամանակը եկած է հիմա:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր առաջարկներ դիմաւորելու առիթներ պիտի ունենաք: Ընտրութիւն պէտք է կատարէք առժամեային եւ մնայունին միջեւ: Իմաստութեամբ որոշեցէք հարցը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքային նորութիւններ պիտի ստեղծուին, անտարբեր մի՛ մնաք, օրը եկած է անդրադառնալու նորութիւններու բարիքը նկատի առնելու: Արթուն եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուր որ երթաք, մնացէք հետեւողական եւ ուշադիր ձեր շուրջի անցուդարձերուն: Մասնաւորաբար նկատի առէք տնտեսական հարցերը եւ մնացէք աչալուրջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ նկատէք, թէ ձեր առած նոր որոշումը ձեռնտու չէ օրուան հարցերը լուծելու, դարձուցէք էջը եւ այլընտրանքի մը մասին մտածեցէք: Մի՛ աճապարէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընկերովի գործ մը կատարելու որոշում տուած էք: Մնացէք ձեր պարտականութեան վրայ: առանց միտք փոխելու: Եռանդով շարունակեցէք ձեր գործը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական փոխառութեան կամ փոխատուութեան հարց մը կրնաք ունենալ: Երկու պարագային ալ ուշադիր եղէք` յարգելով խոստացուած ժամադրութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երազելը  լաւ է եւ կենսունակութիւն կու տայ, բայց նոյն ատեն անկարելիին վրայ յոյս մի՛ դնէք: Ձեր ոտքերը ամուր պահեցէք գետնի վրայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր անկեղծութիւնը նկատի չառնող անձերու մօտ մնացէք լուռ: Չարամիտ տրամադրութիւն ունեցողները հասկնալը դժուար չէ, պարզամիտ մի՛ ըլլաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գումար մը պիտի անցնի ձեր ձեռքը, որուն մասին բնաւ չէիք մտածած: Արժեւորում մըն է հաւանաբար, որով պիտի քաջալերուիք եւ յառաջանաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժական հետաքրքրութիւնը ձեզ պիտի առաջնորդէ հոն, ուր կ՛ուզէիք մնալ: Ձեր փափաքը իրագործելու օրն է այս, ուրախացէք առանց շփանալու:

Share this Article
CATEGORIES