50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1964)

Խորհրդածութիւններ

Ազգային Հիւանդանոցի Մը Հրամայականը

Միջերկրականի մշտադալար այս ափունքին ազգային հիւանդանոց մը ունենալու հարցը ատենէ մը ի վեր նետուած է հրապարակ:

Գաղափարը նորութիւն չէ ինքնին: Տարիներ առաջ ալ սրտցաւ ազգայիններ, մարդասէր հայ բժիշկներ մտածած են այս մասին աչքերնին դարձուցած աջ ու ահեակ` կարելիութեան նշոյլ մը փնտռելով: Բայց այդ երազը մնացած է երազ, որովհետեւ չէ կրցած դուրս գալ կամեցողութեան սահմաններէն ու վերածուիլ գործնական քայլի:

Նորութիւնը ա՛յն է այսօր, որ այդ երազը պատռած է քիչերու սեփականութիւն եղող իր խոզակը եւ թռած, հասած` ընդհանուրին: Այսօր խօսակցութեան նիւթ է ան հայ երդիքներու տակ, խանդավառ արձագանգ հայ մամուլին մէջ, Ազգային իշխանութեան եւ բարեսիրական այլ հաստատութեանց պատկանող անհատներու ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրող նշաւակ:

Աւելի՛ն. Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը կազմած է արդէն գործադիր յանձնախումբ մը` լրջախոհ եւ հաւատաւոր բժիշկներէ, որոնք սկսած են շփումներ հաստատել, բախել այս կամ այն պաշտօնական դուռը` օր առաջ մարմին տալու համար այս երազին:

Մտածողներ ըլլան հաւանաբար ամէն ինչ ազգայնացնելու ձրի քմայքներէն չէ՞ այս մէկն ալ:

Մակերեսէն վար քիչ մը աւելի լուրջ մտածողութիւն` պիտի առաջնորդէր հակադիր բեւեռի մը գրական հաստատումին:

Ազգայնամոլութիւնը աղէտի կը յանգի յաճախ, սակայն ճշմարիտ ազգայնականութենէ մը բարիք կը ծնի միշտ:

Ազգովին մեռա՞նք, թէ՞ վերածնեցանք` ազգայնացնելով մեր այբուբենը, այսինքն` զուտ ազգային պարունակ մը տալով մեր լեզուին:

Դարերու ալիքներու տակ ընկղմեցա՞ք, թէ՞ վեր կարկառեցանք պատմութեան ընդմէջէն` ազգայնացնելով քրիստոնէութիւնը, ազգային ուրոյն ոճ ու ոգի դնելով մեր եկեղեցիներու կառոյցին ու ոլորտին մէջ:

Ցաւն ու հիւանդութիւնը համամարդկային երեւոյթներ են անշուշտ: Եւ գիտութիւնը համարժէք ու հաւասարաբաշխ է բոլոր ազգերուն  համար: Սակայն, տեսական գետնի վրայ, որքան ալ բժիշկը ըլլայ բժիշկ, մարդասէր ու անձնուէր, իրողութիւն է անհերքելի, որ հիւանդ մը միշտ ալ կը փափաքի ցաւը պատմել իր լեզուն հասկցողին, վէրքին բալասանը կապել տալ իր արիւնակիցին, կարծես ապահովութեան ու բուժումի յաւելեալ երաշխիք մը գտնելով անոր մօտ(*): Եւ հիւանդ մը կը բուժուի արդէն որոշ տոկոսով, երբ բացառիկ յոյս ու հաւատք ունի իր ցաւը դարմանելու երկարող բարեգութ ձեռքին հանդէպ: Եւ որովհետեւ այս հաստատումը բանաստեղծական զեղում մը ըլլալէ աւելի գիտական ճշմարտութիւն է կեանքի վկայութիւնը:

Արդ,

Ինչո՞ւ հաւաքական ճիգով չստեղծել եւ չկառուցել այս հաստատութիւնը, որուն սեմէն մտած ատեն իսկ հայ հիւանդը զգայ ինքզինք ընտանեկան յարկի տակ ու կանխիկ ստանայ յոյս ու մխիթարութիւն: Հիւանդութիւնը աւելի սրտով դիմակալելու գօտեպնդում:

Հոս առարկողներ գտնուին թերեւս, թէ ազգային նման հաստատութիւն մը պիտի չհամարուէ՞ր համայնքային նեղմտութիւն, ու դժուարութիւններ պիտի չյարուցանէ՞ր բուժական ու բժշկական գետիններու վրայ, այլ հիւանդանոցներու քովն ի վեր:

Լայնախոհ մօտեցումը կը հասցնէ մեզ ճիշդ հակադիր եզրակացութեան:

Որքան շատնայ կատարելատիպ հիւանդանոցներու թիւը, այնքան կը դիւրանայ մարդասիրական ու բարեսիրական գործը որեւէ երկրի մէջ: Երբ գրեթէ ամէն համայնք ունի իր հիւանդանոցը, որ կը կատարէ իրեն սահմանուած դերը, երբեք պերճանք մը պիտի չըլլայ մերը, այլ ընդհակառակն` գոհացում տայ անհրաժեշտ պահանջի մը:

Ազգային հիւանդանոց մը կը պատկանի ամէն հայու անխտիր, անկախ դաւանանքի եւ դասակարգի տարբերութենէն: Իւրաքանչիւր հայ կը մտնէ հոն որպէս հարազատ այդ  յարկին, տէրն ու ծառան միաժամանակ: Բայց նման հաստատութիւն մը առաւելաբար փրկութեան լաստը կ՛ըլլայ հայ չքաւոր դասակարգին, որ ցաւի տէր ըլլալու պարագային` չի գիտեր ո՛ր դուռը  ափ առնել, իր նիհար քսակին պարունակութեամբ ինչպէ՛ս ճար ու ճարակ գտնել իր հիւանդութեան: Բարոյալքում, յուսաբեկում կը բարդուին յաճախ հիւանդութեան վրայ` նոր բարդութեանց ճամբայ բանալով, մինչ կը կորսուի ժամանակը` այնքան թանկագին բուժումի մը համար: Ահա ճիշդ այդպիսիներուն համար գորովագութ գիրկ մը կ՛ըլլայ ազգային հիւանդանոց մը:

Տակաւին ազգային, համայնքային արժանապատուութեան փրկագին կրնայ հանդիսանալ ան:

Գաղտնիք մը չէ, որ մեր ազգային իշխանութեան պաշտօնեաները մեծամասնութեամբ (յատկապէս` ուսուցիչ-ուսուցչուհի) կ՛ապրին համեստ ռոճիկներով եւ զուրկ եւ պետական կամ այլ ընկերութիւններու մէջ պաշտօնավարողներու նիւթական յաւելեալ հատուցումներէ (ի միջի այլոց` բժշկական քննութիւն ու դարմանում): Եւ հիւանդութեան մը պարագային, երբ մանաւանդ լայն կը բացուի ծախսին դուռը, դժուարագոյն վիճակի մը կ՛ենթարկուին յաճախ: Անշուշտ բարեբախտութիւն է, որ հոծ է հայ բժիշկներու թիւը, կան անոնցմէ, որոնք ունին իրենց սեփական հիւանդանոցները, ոմանք ալ լաւ դիրքերու վրայ են օտար հիւանդանոցներու մէջ, ու այս ճամբաներով որոշ դիւրութիւններ տրուին ընդհանրապէս հայ կեանքի, հայ դպրութեան նուիրուողներուն: Բայց եթէ գոյութիւն ունենայ ազգային ընդհանրական հիւանդանոց մը` բժշկութեան արդիական կիրարկումներով եւ բոլոր ճիւղերով, ազգին պաշտօնական իրաւունքի տէր անհատի հպարտ պիտի մտնէ հոն, իրաւատէրի եւ ոչ թէ շնորհապարտի հոգեվիճակով, մինչ հիմա, երբեմն հարկադրանքի տակ կը գտնուի օտար համայնքներու, օտար հիւանդանոցներու դռներու առջեւ կանգ առնել վհատութեամբ, ոչ բարեկեցիկ ուրիշ շատերու կարգին:

Ի խնդութիւն բոլորին կրնանք հաստատել, որ բազմաթիւ են բժշկական որեւէ ճիւղի մէջ երիտասարդ ու տարեց հայ մասնագէտներ, որոնցմէ ոմանք կը կիրարկեն իրենց գիտութիւնը անձնական դարմանատուներու մէջ ուրիշներ հրաւիրած են պաշտօնավարելու զանազան հիւանդանոցներու մէջ: Ու ասոնք բոլորը, իրենց թանկագին մասնակցութիւնը բերել, առանց դոյզն չափով իսկ զանց առնելու ներկայի իրենց պարտականութիւնները` ազգային հիւանդանոցի մը ներքին կեանքին:

Այս եւ թեքնիք ու վարչական այլ գործեր դիւրաւ կը կարգադրուին, անգամ մը որ երազը մարմին առնէ, յաղթական շէնք մը կանգնի խաղաղ այս երկնակամարին տակ:

Բացառիկ արարք մը, աննախընթաց ճարտարամտութիւն մը կամ զոհաբերութիւն մը պիտի չըլլայ ազգային հիւանդանոցի մը հիմնումը: Ունինք գաղութներ, ուր առանց հաշուելու փոքրիկ դարմանատուները` գոյութիւն ունին ազգային հիւանդանոցներ, օրինակ` Պոլսոյ Ս. Փրկիչը, կամ Նոր Ջուղայինը (Իրան), որոնց բարիքը անուրանալի եղած է մարդկային թէ ազգային տեսակէտէ հաւասարապէս:

Չմոռնանք, որ ժամանակի պահանջին ընդառաջելու առաջամտութեամբ, օրին հաստատեցինք Մամըլթէյնի եւ ապա Ազնուիէի բուժարանները` այս հիւրընկալ ափերուն վրայ:

Այսօր կարիքը կը զգանք, բուրժարանէ մը աւելի, ազգային հիւանդանոցի մը` հետզհետէ հաճութեամբ ուռճացող այս երկրին մէջ:

Այս կամ այն հիւանդութիւնը կրնայ սրբուիլ հիւանդութեանց տոմարէն, սակայն հիւանդներ պիտի ունենանք մի՛շտ: Ու պիտի ունենանք հիւանդներ, որոնց բուժումը դժուարանայ, որոնց ցաւը տարաժամի ու բարդանայ, եթէ հարազատ երդիք մը չհիւրընկալէ զիրենք ճիշդ ժամանակին:

Չի բաւեր կիրակի օրերը լուսավառ խորանին առջեւ աղերսել Աստուծոյ. «Տուր հիւանդաց բժշկութիւն…»: Այդ` ի՛ր կարգին: Բայց ազգային հիւանդանոցի մը հաստատումով գործնականի վերածած կ՛ըլլանք այն, ինչ որ ողորութեանը կը յանձնենք Ամենակարողին:

Ազգ մը չի փրկուիր միմիայն շքեղ երազներով, իտէալի հեռաւոր աստղին պայծառ լոյսով: Այդ անհրաժեշտ է, ի հարկէ: Սակայն նոյնքան էական է գործնական փաստերու գոյութիւնը ազգի մը որոշ անդամներէն, որոշ խաւերէն` դէպի միւս անդամներն ու խաւերը:

Ֆիզիքական ցաւերու մէջ գալարուող ազգակից մը աւելի կը կապուի իր ազգին, եթէ իր արիւնակիցները բարի սամարացի դառնան իրեն համար: Որով ազգային հիւանդանոց մը ինքնին կը վերածուի նաեւ ազգապահպանման կրանիթեայ բերդի:

Քիչ մը եւս լայնցնելով մեր հայեցողութեան ծիրը` կրնանք ըսել, որ նման հարստութիւն մը կը միացնէ, առնուազն իրարու կը մօտեցնէ մեր ազգին զանազան կոտորակները` համերաշխ գործակցելու առիթի մը վերածուելով: Ապացոյցը տուած է արդէն Բուժարանը, ասկէ առաջ:

Ու յետոյ` ցաւի մէջ զիրար       ճանչցած մարդիկ անկարելի է, որ մոռնան զիրար: Հիւանդանոցի մը մահճակալին մէջ տառապող հիւանդ մը եղբայրական զգացումով կը լեցուի միւս մահճակալին մէջ տառապողին հանդէպ: Խինդը չէ, ցաւն է, որ աւելի շատ իրարու կը միացնէ մարդիկ եւ կը դարձնէ մէկը միւսին հանդէպ ողորմած: Հոն է, որ մարդիկ կը պարպուին իրենց եսերէն, կը ձուլուին համայնական եսի մը մէջ, որուն անունն է իրերհասկացողութիւն, իրերօգնութիւն կամ համազգայնութիւն: Եւ հիւանդանոցէ դուրս գալէ ետք, կեանքի մէջ, անկարելի է, որ անոնք սրասոյր զգացումներով կանգնին իրարու դիմաց, եթէ նոյնիսկ կանգնած ըլլան գաղափարական կամ դաւանական տարբեր գետիններու վրայ:

Այո՛, ազգային հիւանդանոց մը, բացի յոյժ անհրաժեշտ մարդասիրական ձեռնարկ մը ըլլալէ, ազգապահպանման կռուան մը եւ ազգամիջեան հասկացողութեան եւ ոգիի ստեղծման թանկագին ազդակ մը կրնայ հանդիսանալ:

Ինչո՞ւ ուշանալ, ինչո՞ւ յամենալ ուրեմն:

Ո՛չ հողը կը պակսի (կարելի է մտածել նոյնիսկ ազգապատկան հողերու մասին), ո՛չ «Գալուստ Կիւլպենկեան»-ը, որուն բարեացակամ վերաբերումը յայտնի է նման գործերու հանդէպ (ինչպէս նաեւ` բարեսիրական այլ կազմակերպութեանց ոչ միութեանց օժանդակութիւնը), ո՛չ բժշկական մարդուժը ո՛չ մեծահարուստ դասակարգը եւ ո՛չ ալ… չքաւոր հիւանդները:

Կը պակսէր ցարդ գործին տարողութեան ըմբռնումը եւ գործնականացնելու վճռակամութիւնը:

Ուրախ ենք, որ լիբանանահայ բժշկական միութիւնը կորովի կերպով ձեռնարկած է աշխատանքի եւ կը մաղթենք ի սրտէ, որ արդիւնաւէտ ու արագահաս ըլլան իր աշխատանքները: Եւ մեր եկեղեցիներու, դպրոցներու ամրակուռ շարքին ունենանք ազգապահպանման նոր ամրոց մը, ազգային հպարտութեան նոր կոթող մը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՄԸ:

 

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )