Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով Հեղինակ` Սոնա Զէյթլեան

ԺԱՆԵԹ ՔԱՍՈՒՆԻ

Book_Sona-Zeytlian-302x420Մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդամ Սոնա Զէյթլեանի «ԳԷորգ Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացած եւ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած նոր գիրքը: Բծախնդիր եւ հետեւողական պրպտումներու վրայ հիմնուած այս գործը արխիւային պատմութիւն է եւ հետագայ պատմաբաններուն վաւերական առատ նիւթ կը հայթայթէ: Նոյն մօտեցումով գրուած է նաեւ եգիպտահայ հեղինակին նախորդ եւ արդէն իսկ սպառած աշխատասիրութիւնը` «Հայութեան ներդրումը Եգիպտոսի միջնադարեան եւ արդի պատմութեան մէջ»:

«Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» գիրքին 15 գլուխներուն մէջ կը գտնենք հայ կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները` մեր պատմութեան զանազան հանգրուաններուն. հեթանոսականէն քրիստոնէութեան շրջան, բնիկ իշխանական տուներէն օսմանեան տիրապետութիւն, Զարթօնքի ոգեւորութենէն տեղահանութիւն, Ցեղասպանութիւն, Հայաստանի հանրապետութիւններէն սփիւռքի գաղութներու կազմութիւն, նոյնիսկ` արդի կանանց նոր շարժումի մը համակարգը: Օգտագործուած աղբիւրներու ճոխ ցանկին կողքին, կը գտնենք 2 քարտէսներ եւ 22 նկարներ, որոնցմէ 6-ը ընտանեկան հաւաքածոներու կը պատկանին, 2 հատ ալ առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուին:

Այս համապարփակ աշխատանքին մէջ յաճախ կրկնուող թեմայ մըն է հայ կնոջ դերը` իբրեւ ազգային արժէքներու եւ գիտակցութեան արթուն պահակի: Սկսելով հին աստուածուհիներու յատկանիշներէն, Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութենէն եւ աւանդութիւններու ժողովրդական իմաստութենէն` Սոնա Զէյթլեան բազմաթիւ օրինակներով կը հաստատէ հայ մօր թէ մեծ մօր դերը` ազգային աւանդներու պահպանման ու փոխանցման, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեան եւ անկախութեան ձգտումին արմատաւորման մէջ: Յատկանշական են Անահիտի, Աստղիկի եւ Նանէի պատգամները, Ծովինարի ազգային դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Նուարդի եւ Տիգրանուհիի հաւատարմութիւնը ընտանեկան ուխտին:

Հեղինակը կը շեշտէ արքունի գերդաստանի հայուհիներուն ներդրում քրիստոնէութեան տարածման մէջ: Իրենց բարեպաշտութեամբ, շինարարութեամբ, ձեռագիրներու հոգատարութեամբ յայտնի կամ անանուն հայուհիներ ինչպէս նաեւ սարկաւագուհիներ կարեւոր դեր կատարած են: Իսկ կրօնի համար մղուած բոլոր պատերազմներուն` հայ կիները ոչ միայն իրենց կրօնին մէջ հաստատ մնացած, այլեւ ազգային դիմադրութիւնը շարունակ են` նուիրուելով պատերազմի պատճառով որբացածներուն դաստիարակութեան:

Կարեւորութեամբ կը նշուին հայոց կրօնական առաջին կանոնագիրքերը, ուր կը ճշդուին ամուսնական եւ ժառանգական իրաւունքները, կը հաստատուին հայ կնոջ անկախութիւնն ու հաւասարութիւնը: Իսկ հայ մօր եւ ընտանիքին դերը ամէն նկատումէ վեր կը դասուին` ազգին գոյատեւումը երաշխաւորելու համար:

Նոյնիսկ սահմանափակ թիւով հայ թագուհիները տիրական ներկայութիւն են. անոնք կը բնորոշուին իրենց բարեգործութեամբ, ուսման եւ մշակոյթի նուիրումով եւ յատկապէս Փառանձեմի պարագային` ռազմական քաջութեամբ: Հայոց թագուհիներուն վաստակը ազգային արդար հպարտութեան աղբիւր է:

Օտար լուծի եւ օտար կրօնի ազդեցութեան տակ հայ կինը կը դառնայ ստորադաս էակ: Պատմական մեծարժէք բաժնի մը մէջ Սոնա Զէյթլեան, հին թէ նոր գիւղագիրներու վկայութիւններուն ընդմէջէն, գաւառացի հայուհիին կենցաղը կը մանրամասնէ եւ, առաջին անգամ ըլլալով, քրիստոնէութիւն ընդունած եւ հայախօս դարձած բոշայ կիներու բարքերը կը նկարագրէ:

Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի հայկական կեդրոններուն Զարթօնքի շարժումին քննական վերլուծումը յստակ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ կը յայտնաբերէ: Հեղինակը Պոլսոյ մտաւորական հայուհիներու փաղանգին երեւելիներու վաստակը, կրթական լայնածաւալ աշխատանքը, կիներու մամուլի զարգացումը, ընկերային ծառայութեան ծաւալումը, ինչպէս նաեւ կիներու ազատագրական առաջին շարժումին պահանջները կ՛արժեւորէ: Այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ՛ունենան մշակոյթի ծաղկման, մայրենի լեզուի բիւրեղացման եւ ազգային վերելքին տեսակէտէն: Պոլսոյ հայուհիներուն կարեւոր իրագործումներէն պէտք է յիշել 1920-ին հիմնուած «Չէզոք տուն»-ը, որուն նպատակն էր օսմանեան պետական որբանոցներէն եւ թուրք տուներէն հաւաքել թրքանալու դատապարտուած հայ որբ-որբուհիները, վերադարձնել բռնի կրօնափոխութեան, տնային եւ դաշտային ծառայութեան կամ բռնի ամուսնութեան ենթարկուածները, ինչպէս նաեւ` օսմանեան ընտանիքներու կամ միջին դասակարգին կողմէ «որդեգրուածները»:

Անդին, Թիֆլիսի գրական դէմքերու կողքին, գաղափարական պայքարի դրօշակիր հայուհիները յեղափոխական զուտ հայկական միաւոր մը ստեղծեցին, կազմակերպչական եւ քարոզչական լայնածաւալ աշխատանք կատարեցին եւ ռուսականացման դէմ պայքարելով, թէ՛ ազգային ինքնութիւնը խորացուցին եւ թէ՛ հայ կնոջ վերելքին նպաստեցին: Աւելի՛ն.  հանրային կեանքի մասնակցութենէն եւ հասարակական ծառայութենէն անդին, զէնքերու փոխադրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան առաջին կռիւներուն ծրագրումին օժանդակեցին: Սոնա Զէյթլեանի գրիչին կը պարտինք ազգային գոյամարտին մէջ հայ կնոջ դերին մասին գոյութիւն ունեցող միակ ուսումնասիրութիւնը: 1968-ին այս աննախընթաց աշխատանքը արժանացաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին:

2010-ին, «Ցեղասպանութեան ոճիրը» նիւթին մասին Երեւանի խորհրդաժողովին, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ ի միջի այլոց կը յայտարարէր. «Ո՛չ միայն զանգուածային բնաջնջումը եւ բռնի տեղահանութիւնը պէտք է շեշտել, այլեւ` հայ աղջիկներու բռնի ամուսնութիւնները, բռնի կրօնափոխութիւնը եւ թրքացումի քաղաքականութիւնը»: Սոնա Զէյթլեանի աշխատանքին խիստ արժէքաւոր բաժիններէն է Ցեղասպանութեան, անոր հետեւանքներուն, իսլամացուածներուն դատին պաշտպաններէն յատկապէս Զապէլ Եսայեանի պահանջատիրութեան եւ զոհերու շառաւիղներուն շարունակուող տագնապին յատկացուած էջերը:

Հայութեան արմատներուն ուղղուած գերագոյն չարիքէն ետք, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կնոջ քուէարկելու իրաւունքը ճանչցող առաջին երկիրներէն եղաւ: Քաղաքացիական իրաւունքներու տիրացած հայուհիներ գործեցին առաւելաբար որբահաւաքման, խնամատարական, կրթական եւ գաղտնի աշխատանքի մարզերուն մէջ: Նորանկախ Հայաստանը ոչ միայն երեք կին երեսփոխան ունեցաւ, այլեւ միջազգային մակարդակի վրայ առաջին կին դեսպանը նշանակեց:

«Յետ Ցեղասպանութեան ազգային ճգնաժամին հայ կինը լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը», կը վկայէ Սոնա Զէյթլեան եւ գաղութէ գաղութ սպառիչ տեղեկութիւններով կը հաստատէ հայ կնոջ եւ անոր գլխաւորած հաստատութիւններուն դերը ազգային վերականգնումին մէջ:

Յաջորդական գլուխներու մէջ հեղինակը կը քննէ հայ կնոջ իրավիճակը Խորհրդային Միութեան, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կիներու տասնամեակին, ինչպէս նաեւ յետ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Հայ կնոջ այսօրուան առաջնահերթ հարցը, խորհրդային լուծին պարտադրած կրաւորականութիւնը թօթափելով, քաղաքացիական իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն տէր կանգնիլն է: Իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ, հայրենի կնոջ մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տալէ ետք, Սոնա Զէյթլեան կ՛եզրակացնէ. «Հայ կնոջ հաւասարութիւնը յարգելու, խտրականութեան վերջ դնելու, մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու եւ հանրային կեանքի մասնակցութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէն տեղին է յիշել հին ասոյթը, որ շղթայի մը ամրութիւնը իր ամէնէն տկար օղակէն կախում ունի: Այնքան ատեն որ հայ կնոջ կը զլացուի իր կարողութիւնները արժեւորել եւ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի` ընկերային կեանքի մէջ ներդրում կատարել, անոր վերականգնումն ու հայրենիք կերտելու հանրարժէք գործը պիտի տուժեն»:

Հայ կնոջ իրագործումները խտացնող այս կարեւոր գործին վերջին գլուխը նուիրուած է սփիւռքի փոխուող պայմաններուն պարտադրած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս` ընտանեկան յարաբերութիւններու, հայախօսութեան եւ ազգային ինքնութեան մարզերուն մէջ, «որոնք իրենց անդրադարձը կ՛ունենան ազգային մտածողութեան եւ ազգային մշակոյթի զարգացման վրայ»:

Վերջապէս, հայ կնոջ այսօրուան անձնական, ընկերային եւ քաղաքական իրավիճակը նկատի ունենալով` Սոնա Զէյթլեան նոր շարժումի մը համակարգը կազմող եօթը առաջարկներ կը ներկայացնէ:

Մենք կը յարգենք Սոնային մտածումները եւ կը վստահինք անոնց: Իր բոլոր գործերը կը վկայեն իր հետեւողական աշխատանքը, պրպտելու, աղբիւրներ փնտռելու, ուսումնասիրելու, հոգիով ու միտքով եւ գրիչով նուիրուելու իր ազգին:

Վարձքդ կատար ու գրիչդ դալար, սիրելի՛ Սոնա:

 

ՍոնաՍիմոնեան-Զէյթլեան

Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան ծնած է Եգիպտոս, վկայուած է տեղական Ամերիկեան համալսարանէն եւ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին` նախ Գահիրէի, 1962-էն ետք ալ Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ: Ամուսնացած է իր պաշտօնակից եւ «Յուսաբեր» օրաթերթի, հետագային ալ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որ 1985-ին առեւանգուեցաւ Լիբանանի մէջ իր իր ազգային-քաղաքական ուղեգիծին համար:

Սոնա Զէյթլեանի առաջին ուսումնասիրութիւնը «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ», «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին արժանացաւ 1968-ին: Իսկ 1973-ին լոյս տեսաւ իր «Մուսա լերան ժողովրդական հեքիաթները», որ իբրեւ բերանացի պատում, անձամբ հաւաքած է Լիբանանի Այնճար գիւղը բնակող մուսա տաղցիներէն: 80-ական թուականներուն, յաջորդաբար հրատարակուեցան աւանդական մեր պատմութեան հերոսներուն կեանքն ու գործը վիպակի ձեւով ներկայացնող իր չորս հատորները` «Արի առանց» ընդհանուր խորագրին տակ: Գաղութներու պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեան արդիւնք է վաղ միջնադարեան եւ արդի Եգիպտոսի պատմութեան մէջ հայութեան ներդրումին համապարփակ ուսումնասիրութիւնը: Այդ աշխատանքին հայերէն (2004) եւ անգլերէն (2006) հատորները դրական անդրադարձ ունեցան Գահիրէի պետական համալսարանի հայագիտական բաժնի աշխատանքին վրայ: Վերջապէս, հայ կնոջ գործունէութիւնը լիովին արժեւորելու իր մնայուն հետաքրքրութեան արգասիքն է «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» ուսումնասիրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ հայ կնոջ ներդրումը մեր ազգային կեանքի տարբեր հանգրուաններուն:

Մտաւորական աշխատանքին կողքին, Սոնա Զէյթլեան նուիրուած է հանրային ծառայութեան եւ կը շարունակէ գործել դաստիարակչական եւ  կազմակերպչական աշխատանքի մարզերուն մէջ: Այժմ ան կը բնակի լոս Անճելըս, իր չորս զաւակներուն հետ միասին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )