Երեւանը Ոչի՞նչ Կը Պարտի Արամ Մանուկեանին

ՏՕՆԻԿ Տ.

Արամ-ՄՆախորդ օրերուն հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացինք, որ Հայաստանի խումբ մը մտաւորականներու անունով դիմուած էր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` «Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ», Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Հանրի Սապիի մասունքներուն մէկ մասը Երեւանի քաղաքային պանթէոնի մէջ ամփոփող շիրիմը բարեկարգելու խնդրանքով:

Մամուլով տեղեկացանք, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ, անմիջապէս միջոցներու ձեռնարկուած է «նշանաւոր հայասէր»-ին գերեզմանին տարածքը բարեկարգելու եւ պատշած տեսքի բերելու համար:

Երախտագիտութեան լաւագոյն ձեւն է անշուշտ ընդառաջել Հանրի Սապիի կտակին` մահէն ետք աճիւնի մասունքները ամփոփել, Ֆրանսայի կողքին, նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Նման նախաձեռնութիւն մը հայրենի մտաւորականներու եւ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ գնահատանքի արժանի է:

Թէեւ համոզում է մեզի համար, որ արդարութիւնն ու անարդարութիւնը իրենց հակասական երեսներով նաեւ փոփոխական արժեչափերով կը գործեն, սակայն երեւելի անարդարութիւնները սրբութիւններու նման քննարկելի չեն. այսինքն, եթէ անարդարօրէն ըսուի, որ Երեւանը իբրեւ քաղաք ոչինչ կը պարտի Արամ Մանուկեանին, այս մէկը կ՛ըլլայ անվիճելի անարդարութիւն, տարբեր ձեւի մօտեցում` պատմութեան եւ իրականութեան հանդէպ: Ամենայն պատասխանատութեամբ հաստատենք, որ անարդարութիւն է՛ եղած … տարբեր ձեւի մօտեցումով` ազգովին ըսած ենք, որ Երեւանը ոչինչ կը պարտի Արամ Մանուկեանին:

Հանրի Սապիի գերեզմանին բարեկարգումն ու ընդլայնումը կատարուած է հանդիսաւոր արարողութեամբ, ուր մտաւորականներ, հանրային դէմքեր եւ պատասխանատու անձինք ծաղկեպսակներ զետեղած են Սապիի նորոգուած գերեզմանին վրայ: Կրկնելու գնով նշենք, որ նախաձեռնութիւնը հրաշալի է` երախտապարտ ըլլալ օտարի մը, որ մեծ ջանքեր թափած է Հայ դատի եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման ուղղութեամբ, անոր շնորհիւ` 1987-ին Եւրոպական միութիւնը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը:

Նման նախաձեռնութեան մը մասին տեղեկանալը, ընդվզում յառաջացնելու որեւէ պատճառ չունի, ընդհակառակն: Սակայն երբ տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, 28 մայիսին, անձամբ ականատես եղանք Արամ Մանուկեանի գերեզմանի փնտռտուքին եւ գտնելէ ետք ողբացինք մայրաքաղաքի մը հիմքը ներկայացնող խորհրդանիշի աճիւններուն լքուածութեան, պարզ է, որ Հանրի Սապիի առնչութեամբ տրուած նման որոշում մը ցնցիչ ազդեցութիւն պիտի ունենար… սքանչելի գործ է երախտապարտ ըլլալ «հայասէր»-ի մը, հապա՞ Երեւանի փրկարարին…

Արդ, բարձրաձայն պէտք է բողոքել ընդդէմ Արամ Մանուկեանի գերեզմանին ու տան հանդէպ ցուցաբերուած անհոգութեան, դիտումնաւոր լքուածութեան մէջ պահելու մօտեցումներուն, անոնց հանդէպ եղած անարդարութեան, անոր անձին ու արժէքին դիտումնաւոր նսեմացումի աշխատանքին:

Այս բոլորը զարմանալի չէ, այլ` պարզ ու յստակ: Պարզ է, որ իշխանութիւնները իրենց արարքներով շահեր կը հետապնդեն` Հանրի Սապիի գերեզմանի նորոգութիւն եւ ընդլայնում, կամ Արամ Մանուկեանի արժէքի նսեմացում: Պարզ է, որ Արամ Մանուկեանի գերեզմանի պատշաճ ներկայութիւնը Երեւանի մէջ քաղաքին կու տայ յեղափոխական շունչի տիրակալութիւն, որ «վնասակար» է իշխանութիւններուն համար:

Զարմանալիին պատասխանը գիտնալով հանդերձ, հարցադրումը կատարենք հետեւեալ ձեւով. կը գտնուի՞ն արդեօք հայրենի մտաւորականներ, որոնք Հանրի Սապիին երախտապարտ ըլլալու զգացում ունենալու կողքին, յիշեն նաեւ Երեւանի պահապանը, քաղաքին այսօրուան գոյութեան պատճառներէն հիմնական անձնաւորութիւնը եւ յաւերժացնեն անոր ներկայութիւնը այդ քաղաքին մէջ: Պիտի գտնուի՞ արդեօք հայկական իշխանութիւն մը, որ Արամ Մանուկեանի ժառանգութեան ներկայութիւնը արժէք նկատէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )