Տէրսիմի Մէջ Հայկական Գիւղ Հիմնելու Ծրագիր
ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Հալւորի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքը
Տէրսիմի մէջ, Վաքըֆլը հայաբնակ գիւղին նման, բացառապէս հայերով բնակեցուած գիւղ պիտի հիմնուի: Այդ մասին, Akunq.net-ի փոխանցմամբ, յայտարարած է Տէրսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթը:
Թրքական ww.gazetea24.com լրատուամիջոցին համաձայն, սոյն թուականի մայիսի 3-ին տէրսիմահայերը հաւաքուած են Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահը: Շուրջ 250 հոգիի մասնակցութէամբ կայացած երեկոյթին մասնակցած են նաեւ Սահակ եպս. Մաշալեանը, Սասունահայերու միութեան նախագահ Արամ Տեմիրը, Գում Գափուի հայ ղեկավարներէն Արուշ Թաշը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ տէրսիմահայեր:
Երեկոյթին ելոյթ ունեցած է Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթը եւ յայտնած է, թէ միութիւնը կը ծրագրէ վերանորոգել 1938-ի Տէրսիմի կոտորածի ժամանակ ռմբակոծուած եւ աւերուած Հալուորի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքը:
Սակայն Հալաւուրթի ելոյթի ամէնէն ուշագրաւ նիւթը հայկական գիւղի մասին ծրագիրն էր: Տէրսիմահայերու միութեան նախագահը այդ ծրագրի վերաբերեալ մասնաւորապէս նշած է. «երկարաժամկէտ ծրագրով կը պատրաստուինք հայկական գիւղ մը հիմնել Տէրսիմի մէջ, որ ստեղծուելիք տնտեսական համաձեռնարկութիւններու միջոցով պիտի կարենայ ապահովել ինքն իրեն: Այդ գիւղը Անատոլուի մէջ (Արեւմտեան Հայաստան) խորհրդանշական պիտի դառնայ եւ պիտի ըլլայ զուտ հայաբնակ երկրորդ հայկական գիւղը` Վաքըֆլիէն ետք»:

