«Հայ Եղբայրներուս Եւ Սիրելի Հրանդին». Թուրք Լրագրողին Մրցանակ Շահած Յօդուածը
Թրքական «Ռատիքալ» թերթի յօդուածագիր Օրալ Չալըշլարը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ունեցած զգալի ներդրման համար այս տարի ստացած է մրցանակ:
Տարեկան դրութեամբ լրագրողներուն տրուող այդ մրցանակը արդէն ունի 4 տարուան պատմութիւն եւ կը կազմակերպուի Պոլսոյ Մշակոյթի համալսարանի «Համաշխարհային աշխարհաքաղաքական միտումներ» կեդրոնին կողմէ: Մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի կազմակերպուած էր Շուէտի հիւպատոսարանին մէջ: Օրալ Չալըշլարըին մրցանակը յանձնած է վերոնշեալ համալսարանի նախագահ Սեմահաթ Տեմիրը:
Հեղինակին մրցանակ ապահոված է 25 ապրիլին հրապարակած «Հայ եղբայրներուս եւ սիրելի Հրանդին» խորագրեալ յօդուածը, ուր կը նշուի, որ Հրանդ Տինքին կեանքը, ըստ էութեան, Թուրքիոյ իր անցեալին հետ առերեսելու, Հայաստան-Թուրքիա սահմանները բանալու եւ սահմանէն միւս կողմ բարեկամութեան կամուրջներ հաստատելու ջանք էր: Չալըշլարը փափաք յայտնած է, որ Տինք կենդանի ըլլար եւ տեսնէր ապրիլ 24-ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին յղած ցաւակցական ուղերձը, որ, հեղինակին համաձայն, բաւականին ուշացած նախաձեռնութիւն էր:

