Մալեզիոյ Մէջ Քրիստոնէական Լրատուամիջոցներուն Արգիլուած Է Օգտագործել «Ալլահ» Բառը
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Մալեզիոյ գերագոյն դատական ատեանը` Դաշնակցային դատարանը, ուժի մէջ պահած է կաթողիկէ «Հերըլտ» հրատարակութեան համար «Ալլահ» բառը օգտագործելու արգելքը: Այս ձեւով վերջ դրուած է քանի մը տարիէ ի վեր շարունակուող դատական հոլովոյթին:
2009-ին Գերագոյն դատարանը չեղեալ նկատած էր քրիստոնէական լրատուամիջոցներուն համար դրուած արգելքը, որ կը տարածուէր նաեւ Աստուածաշունչի մալայական թարգմանութեան վրայ: Խնդիրը այն է, որ այդ լեզուին մէջ «Աստուած» բառին համար այլ հոմանիշներ չկան:
2010-ին Մալեզիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը վիճարկած էր դատարանին որոշումը: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին Վճռաբեկ դատարանը չեղեալ նկատած էր դատարանին վճիռը` պատճառաբանելով, որ «Ալլահ» բառին օգտագործումը կրնայ հասարակութեան մէջ հակասութիւններ յառաջացնել:
«Հերըլտ» հրատարակութիւնը որոշած էր վիճարկել Վճռաբեկ դատարանին վճիռը Գերագոյն դատարանի ատեանին մէջ:

