Աւստրալիա Մինչեւ 9400 Տոլար Պիտի Վճարէ Իրենց Երկիրը Վերադառնալ Ցանկացող Գաղթականներուն
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիան մինչեւ 9400 տոլար պիտի վճարէ այն գաղթականներուն, որոնք կամաւոր կ՛որոշեն վերադառնալ իրենց երկիրը:
Համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակած է երկրին կառավարութիւնը:
«Ինքնակամ վերադարձի հոլովոյթը կ՛իրականացուի համագործակցաբար Գաղթի հարցերով միջազգային ընկերակցութեան հետ, որ մշակած է հարցին վերաբերեալ օրինաչափ քաղաքականութիւնը», յայտնած է Աւստրալիոյ ներգաղթի քաղաքականութեան նախարար Սքոթ Մորիսըն:
Տուեալ քաղաքականութիւնը նախ եւ առաջ ուղղուած է Իրանէն, Սուտանէն, Աֆղանիստանէն, Փաքիստանէն, Նեփալէն եւ Միանմարէն գաղթականներուն:
Մեծագոյն գումարը` 9400 տոլար պիտի ստանան լիբանանցիները:
CATEGORIES Միջազգային

