Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Քաղաքացիներէն Պահանջուած Է Լքել Երկիրը

Խալիֆ Հաֆթար
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ լիպիական բանակի նախկին հրամանատար Խալիֆ Հաֆթար հրամայած է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները 48 ժամուան մէջ լքեն Լիպիան, այլապէս պիտի ձերբակալուին:
Ան երկրի արեւելքին մէջ բնակող Թուրքիոյ եւ Քաթարի քաղաքացիները մեղադրած է Լիպիոյ դէմ հետախուզական գործունէութիւն իրագործելու յանցանքով:
Միջազգային մամուլին մէջ շրջանառութեան դրուած են լուրեր, ըստ որոնց, պաշտօնազուրկ հրամանատարը կը փորձէ Լիպիոյ մէջ պետական յեղաշրջում իրագործել:
CATEGORIES Միջազգային

