Իրաքեան Քիւրտիստանէն Քարիւղով Բեռնաւորուած Երրորդ Նաւ Մը Հեռացած Է Թրքական Ճիհան Նաւահանգիստէն

«Էս. Սի. Էֆ. Ալթայ» նաւը Աշքելոնի մօտ` 20 յունիսին

«Էս. Սի. Էֆ. Ալթայ» նաւը Աշքելոնի մօտ` 20 յունիսին

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի քարիւղով բեռնաւորուած երրորդ նաւ մը հեռացած  է Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստէն, իսկ չորրորդ նաւ մը նշեալ շրջանի քարիւղով կը բեռնաւորուի:

Եըլտըզ երէկ նաեւ ըսաւ, որ անցեալ ամիս բեռնաւորուած առաջին նաւուն համար 93 միլիոն տոլարի գումար մը զետեղուած է փոխատուին մօտ:

Եըլտըզ ըսաւ. «Թուրքիա չի գիտեր, թէ այդ քարիւղը ո՛վ կը գնէ, սակայն կը հաւատայ, որ քարիւղը միջերկրականեան շուկաներու մէջ կը ծախուի»:

Անցնող շաբաթավերջին Իրաքի քրտական շրջանի նոր խողովակաշարով ձեռք բերուած վիճելի քարիւղը առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի մատակարարուեցաւ, հակառակ Պաղտատի կողմէ հնչած այն սպառնալիքին, որ այդ քարիւղը գնող որեւէ կողմի դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ:

Աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Էս.Սի.Էֆ. Ալթայ» նաւը 20 յունիսի առաւօտուն հասաւ Իսրայէլի Աշքելոն նաւահանգիստը, իսկ երեկոյեան սկսաւ քրտական քարիւղը պարպել:

Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութիւնը 21 յունիսին յայտարարեց, որ Իսրայէլին քարիւղ չէ ծախած:

Share this Article
CATEGORIES