Օթան Որոշած Է «Փաթրիոթ»-ները Դուրս Բերել Թուրքիայէն

2306patriot-missiles«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հոլանտա մտադիր են 2014-ի վերջաւորութեան Թուրքիայէն դուրս բերել իրենց «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համալիրները:

Կը նախատեսուի այս հարցը քննարկել ՕԹԱՆ-ի հերթական վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի սկիզբը` Բրիտանիոյ Սաութ Ուէյլզ շրջանին մէջ:

Թուրքիայէն հակաօդային պաշտպանութեան համալիրները դուրս բերելու որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Սուրիայէն քիմիական զէնքի դուրս բերման լոյսին տակ այլեւս կարիք չկայ «Փաթրիոթ»-ները պահելու թրքական տարածքին մէջ:

Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» հրթիռային համալիրներ տեղակայելու որոշումը տրուած էր դեկտեմբեր 2012-ին:

Share this Article
CATEGORIES