Տահեշ Գրաւեց Թելաֆարը

2306telaferՏԱՀԵՇ-ի զինեալները օրեր տեւած բուռն բախումներէ ետք գրաւեցին Իրաքի մեծամասնութեամբ թիւրքմեններով բնակուած Թելաֆար քաղաքն ու անոր օդակայանը:

Իրաքեան բանակի բանբեր Քասեմ Աթթա յայտնեց, որ իրաքեան ապահովական ուժերը Թելաֆար շրջանին մէջ կը շարունակեն կռիւները, սակայն աւելցուց. «Նոյնիսկ եթէ Թելաֆարէն կամ որեւէ այլ շրջանէ նահանջեցինք, ատիկա պարտութիւն չի նշանակեր»:

Թելաֆար, որ կը գտնուի դէպի Սուրիա առաջնորդող ռազմավարական միջանցքի մը վրայ, Նինուէ նահանգին մեծագոյն քաղաքն է:

Երէկ Պաղտատէն հարաւ գտնուող շրջանի մը մէջ բանտարկեալներ փոխադրող իրաքեան ապահովական կարաւան մը ենթարկուեցաւ յարձակումի մը, որուն պատճառով 69 բանտարկեալներ սպաննուեցան: Պապել նահանգի Հաշիմիյա շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումին ընթացքին սպաննուեցան նաեւ ոստիկան մը եւ ութ զինեալներ:

Ասիկա երկրորդ դէպքն է, երբ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին պատճառով բանտարկեալներ կը սպաննուին: Անցեալ շաբաթ Պաքուպա քաղաքի բանտին դէմ կատարուած յարձակումի մը պատճառով 44 բանտարկեալներ սպաննուեցան:

Մուսուլի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսը
Ռաքքա՞ Տեղափոխած Են

Աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը առեւանգած զինեալները զինք աճապարանօք Մուսուլէն փոխադրած են Թել Համիս, ապա Շատատի, ուրկէ անապատի ճամբով փոխադրած են Ռաքքա:

Աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կ՛ըսեն, որ մօտիկ ապագային երկու ուղղաթիռներ Մուսուլի օդակայանէն Շատատի պիտի փոխադրեն, եւ կը սպասեն մասնագէտի մը, որպէսզի զանոնք փոքր մասերու վերածէ եւ Շատատէ ուղարկէ:

Անոնք կը նշեն, որ ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ Հասաքէ շրջանի հարաւարեւելքը իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ իր դիրքերը կ՛ամրապնդէ, մասնաւորաբար Շատատէի եւ Մարկատէի մէջ` իբրեւ Տեր Զօրի ուղղութեամբ յառաջապահ դիրքեր:

Share this Article
CATEGORIES