Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Ֆուատ Սինիորա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօն կամ ինքնութիւն չունի, այլ` կը հարուածէ շրջանին մէջ գտնուող բոլոր երկիրները, ժողովուրդներն ու պետութիւնները:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու համախմբումը կոչ ուղղեց բոլորին խուսափելու կողմնակի տարակարծութիւններէն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը պահանջեց Լիբանանը չէզոք պահել շրջանային բախումներէն եւ վերջ տալ զայն իբրեւ առանցքի խաղաքարտ օգտագործումին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Շամսէտտին շեշտեց, որ խորհրդարանը իր օրինականութեամբ խոցելի է, եւ պէտք է հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած են կասկածելի փորձեր` բացայայտելու համար գաղտնի սպասարկութիւններու հրահանգով գործող իսլամ ղեկավարութիւններ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը վատ չէ` աւելցնելով, որ անիկա նախկինէն շատ աւելի լաւ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց երեք յանցագործներ, որոնք մեղսակցած են ահաբեկչական գործողութիւններու: Անոնցմէ է լիբանանցի քաղաքացի մը, որ ծանօթ է Ապու Օպէյտա անունով. ան ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչներէն կը նկատուի:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Զոքաք էլ Պլաթ շրջանին մէջ ներխուժեց յարկաբաժին մը, որ զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոց մըն էր:
ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը հինգշաբթի, 26 յունիսին գումարէ իր նիստը:
ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ը կը զուգադիպի ռամատան ամսուան Ա. օրուան: Միւս կողմէ, սէյիտ Ֆատլալլայի գրասենեակին համաձայն, ռամատանի Ա. օրը շաբաթ, 28 յունիսն է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ Պէյրութի մաքսատան 5 պաշտօնեաներ ամբաստանեց կաշառակերութեան եւ գողութեան յանցանքով:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ ազատականներու շարժումի (Մուրապիթուն) ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի իշխանութեան ընթացքին արդէն իսկ նախագահական աթոռը թափուր վիճակի մէջ կը գտնուէր:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ատակ անդամներ զինուորագրելու կարեւորութիւնը: Ան յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին լիբանանեան քաղաքական որոշ լուծումներ վկայելու առիթն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը ռազմավարական հարուածներ ստացած է եւ ներկայիս անիկա աւելի տկար վիճակի մէջ կը գտնուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը կ՛ենթադրէ, որ Լիբանան արտակարգ քայլերու դիմէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ իր խօսքը ուղղելով ահաբեկիչներուն յայտնեց, որ իրենք լաւ գիտեն ինչպէս դիմադրել անոնց ծրագիրներուն եւ ձախողեցնել անոնց բոլոր երազները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ կոչ ուղղեց արաբ զբօսաշրջիկներուն այցելելու Լիբանան, ուր ապահովական կացութիւնը կայուն է:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու ցաւ յայտնեց, որ արաբական երկիրները նեցուկ կը կանգնին Սուրիոյ իշխող ոճրագործ վարչակարգին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական կարգ մը աղբիւրներ յայտնած են, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ կը զինուորագրուին` լիբանանցի քաղաքական ականաւոր դէմքեր ահաբեկելու միտումով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախարարական կարգ մը աղբիւրներ ընդգծած են, որ կայ ահաբեկչական ցանց մը, որուն բացայայտման նպատակով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին նաեւ, որ պէտք չէ այդ իմաստով սարսափահար ըլլալ:
«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դրական ոչ մէկ տուեալ ներկայացուցած է` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Տահր Պայտարի պայթումը զինք անձամբ թիրախ չէ դարձուցած:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու որոշումը տակաւին առկայ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ ինք տեղեկութիւններ ունի, թէ Ալի եւ Ռիֆաաթ Իտ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Տահր Պայտարի պայթումը թիրախ կը դարձնէր Հարաւային արուարձանները եւ ոչ թէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

