Ֆրենժիէ. «Հըզպալլա Երկրին Հիմնական Ուժն Է Եւ Անոր Զէնքը Կը Զօրակցի Լիբանանի Անկախութեան Ու Գերիշխանութեան»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութեան ընտրանքը ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գայ` աւելցնելով, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական սուր երկփեղկումին, հորիզոնին վրայ համախոհութեան որոշ նշոյլներ կ՛երեւին:
«Դիմադրութեան առանցքը հզօր է, եւ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար իրենց կամքը բանեցնել անոր վրայ: Հըզպալլա երկրին հիմնական ուժն է եւ անոր զէնքը կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Արեւմուտքի ներկայացուցիչները առեւտրականներ են, որոնք հետաքրքրուած են միայն իրենց շահերով` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը Սուրիոյ միջոցով է, որ կը զարգանայ: «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը հաւատայ իր ժողովուրդին ու բանակին եւ այդ պատճառով ալ այդքան հզօր է», յայտնեց ան:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Սուրիան թիրախ դարձնող ծրագիրին նպատակն էր երկիրը վերադարձնել քարէ դար` շեշտելով, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսը կը ծառայէ միայն Իսրայէլի շահերուն: «Հետեւաբար Սուրիան հարուածողը ամբողջ շրջանի մակարդակին վրայ ծրագիր մը ունի իրականացնելիք», ըսաւ ան:

