Ժոմպլաթ. «Լիբանանցիները Պէտք Է Վերջ Տան Քաղաքական Իրենց Տարակարծութիւններուն»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է վերջ տան քաղաքական իրենց տարակարծութիւններուն եւ արագացնեն հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող պատերազմի մթնոլորտին եւ քաոսային ընդհանուր իրավիճակին` Ժոմպլաթ նշեց, որ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է շրջանցել լիբանանեան մակարդակով տիրող այս կացութիւնը եւ վերջ տալ քաղաքական տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ արագացնել հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռը երկար ատեն թափուր մնաց` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կազմակերպել հաստատութենական աշխատանքներն ու զգուշ ըլլալ զգայուն այս իրավիճակէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

