Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Շարժումները Յետաձգեց Յաջորդ Շաբթուան

Նաամէ Մահֆուտ

Նաամէ Մահֆուտ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք Անձնական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք երեք տարիէ ի վեր կը յարգեն իրենց խոստումը եւ կ՛ուղղուին դէպի պետական քննութիւններու կատարում` արդար, պարկեշտ եւ սովորական կերպով:

«Ի դէմս մեր կատարած պարտականութեան, մենք կը պահանջենք նոյն ձեւի վարուելակերպ ցուցաբերել եւ յարգել մեր իրաւունքները` վաւերացնելով մեզի վերապահուած աշխատավարձի յաւելումը», ըսաւ Մահֆուտ:

Ան շեշտեց, որ իրենք իրենց լաւագոյնը կատարած են եւ պետական քննութիւնները կազմակերպած ու գործադրած` սպասելով, որ պատասխանատուները նոյն ձեւով կը վարուին եւ կ՛ուղղուին խորհրդարան` վաւերացնելու համար իրենց աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը, որպէսզի իրենք ալ ուղղուին սրբագրելու պետական քննութիւնները:

Մահֆուտ նշեց, որ նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ապահովական ներկայ իրավիճակը, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը որոշած է իր քայլերը յետաձգել յաջորդ շաբթուան:

Ան կոչ ուղղեց յաջորդ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերուն նախարարութիւններն ու պետական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանները ամբողջովին փակելու: Մահֆուտ հրաւիրեց պետական քննութիւններուն մասնակից աշակերտներն ու ծնողները ներկայ գտնուելու Լիբանանի տարածքին գտնուող հինգ կեդրոններուն մէջ գումարուելիք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նիստերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES