Պըրրի Ընդունեց Զօր. Աունի Եւ Ժոմպլաթի Պատուիրակները

Քանաան եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած պատուիրակ` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ազգային հարցերը անջատել քաղաքական տարակարծութիւններէն` աւելցնելով, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հարցեր:
Քանաան հաստատեց նաեւ օրէնսդրական աշխատանք կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի գործուղած պատուիրակը` առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի թաղապետերու լիկաներու նախագահները, որոնց հետ հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է հեռու մնայ շրջանի փոթորիկներէն` աւելցնելով, որ հակառակ բոլոր տագնապներուն եւ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն, ոչ ոք պէտք է մտածէ այս երկիրը կուլ տալու մասին:
Պըրրի ընդգծեց լիբանանցիներուն միասնականութեան կարեւորութիւնը ընդդէմ բոլոր իրադարձութիւններուն` նշելով միաժամանակ որ Լիբանան մէկ ընտանիք է եւ անոր համայնքները եղբայրաբար ու համակեցութեամբ կը գոյատեւեն:
Պըրրի յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուածը սահմաններու բաժանում է` հարց տալով, թէ ո՞ւր է Սայքս Փիքոն այս բոլոր համաձայնութիւններէն:
Պըրրի կոչ ուղղեց անմիջապէս ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը եւ վերջ տալու երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու քայլերուն:
Ան նշեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ, Դիմադրութեամբ եւ բանակով կրցած են դիմադրել Իսրայէլին եւ յաղթանակ արձանագրել:

