Ռոպերթ Քոչարեան Անօրինական Կը Նկատէ «Որոտան» Ջրելեկտրակայանի Սեփականաշնորհումը

Ռոպերթ Քոչարեան
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անօրինական նկատեց «Որոտան» ջրելեկտրակայանի սեփականաշնորհումը` ընդգծելով, որ այդ գործարքին մասնակցած անձեր, ուշ կամ կանուխ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին:
«Երկիր»-ին տուած յատուկ հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան յայտնեց, որ այդ գործարքին մէջ միակ դրական հանգամանքը Հայաստանի ուժանիւթային ամերիկեան ընկերութեան ներգրաւումն է: «Հայաստանի ելեկտրականութեան ամէնէն գրաւիչ միաւորը կը վաճառուի ծայրայեղ կասկածելի ձեւով` անտեսելով օրէնսդրութեան պահանջները շրջանցելով խորհրդարանը», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան եւ զգուշացուց «Գործարքի անօրինականութիւնը այնչափ ակնյայտ է, որ անոր հետ առնչութիւն ունեցած անձեր դժուար թէ խուսափին պատասխանատուութենէ, ատիկա զուտ ժամանակի հարց է»:
Որոտանի ջրելեկտրակայանի հարցը ընդգրկուած էր նաեւ խորհրդարանական քառեակի 12 պահանջներուն մէջ: Ոչ իշխանական ուժերը մասնաւորապէս իշխանութիւններէն պահանջած են բացառել «Որոտան» ջրելեկտրակայաններու համալիրի գոյքի վաճառքը առանց Ազգային ժողովի հաւանութեան:
«Որոտան»-ի խնդիրէն բացի Ռոպերթ Քոչարեան անդրադարձաւ խորհրդարանական քառեակի քանի մը այլ պահանջներուն: Մասնաւորապէս, խօսելով տեսանկարահանող սարքերու եւ կարմիր գիծերու մասին` Հայաստանի երկրորդ նախագահը անհեթեթութիւն որակեց քաղաքացիներու հաշուոյն մասնաւոր անձերու հարստացումը:
«Փաստօրէն, մեր երկրին մէջ մասնաւոր ընկերութիւնները մենաշնորհային գործունէութիւն կ՛իրականացնեն քաղաքապատկան տարածքներու վրայ եւ գտնուելով հակամենաշնորհային օրէնսդրութեան եւ ծառայութիւններու դաշտէն դուրս, չվերահսկուող գերշահոյթներ կը ստանան: Աւելի՛ն` բնակչութենէն գումարներու կորզման գործառոյթը կ՛իրականացնեն Հայաստանի պետական կառոյցները:
Իր հարցազրոյցին մէջ Ռոպերթ Քոչարեան անդրադարձաւ նաեւ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին անցնելու ոչ իշխանական ուժերու պահանջին` ընդգծելով, թէ ատիկա անկասկած նպաստաւոր է:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներու տրամադրման պահանջին, ապա Քոչարեան ըսաւ. «Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հաշուի առնելով փտածութեան ծաւալներն ու կառավարչական անարդիւնաւէտութիւնը (ծանօթացէք Վերահսկիչ պալատի վերջին տարիներու ստուգումներու նիւթերուն), ատիկա հաւանաբար, կրնայ իրական զսպիչ գործօն դառնալ չհիմնաւորուած, իսկ երբեմն անհեթեթ պիւտճէի ծախսերու եւ պաշտօնատար անձերու անսահման ախորժակի դէմ», եզրափակեց Հայաստանի երկրորդ նախագահը:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը գնահատէ Ռոպերթ Քոչարեանի արտայայտած սուր գնահատականները, Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր, պետաիրաւական յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Սահակեան հետեւեալ պատասխանը տուաւ. «Որ կը սատարէ քառեակին, մենք ուրախ ենք, ուրեմն քառեակը բաւական լաւ կ՛աշխատի, եթէ ունի նոր սատարողներ, եթէ այդ սատարողները նոր յայտնուած են. պէտք է հասկնալ` արդեօք նո՞ր սատարող են, թէ՞ շատոնց կը սատարեն: Խնդիր չկայ: Ուրեմն մեր ընդդիմութիւնը կը կարենայ ճիշդ նշանակէտին խփել եւ ունի սատարողներ»:

