Փութին Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցը

Ալիեւ եւ Փութին

Ալիեւ եւ Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր հետ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:

«Կարծիքներու փոխանակման ընթացքին քննարկուած են շրջանային օրակարգային հարցեր, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցը: Ռուսական կողմը հաստատած է պատրաստակամութիւնը` խաղաղ լուծում գտնելու հարցին մէջ օժանդակելու վերաբերեալ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի ատկէ, պետութեան ղեկավարները նշած են ռուս-ազրպէյճանական բարձր մակարդակի համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու խօսած են ատոր հետագայ զարգացման մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES