Այսօր Վարչապետ Աբրահամեան Պիտի Մեկնի Լեռնային Ղարաբաղ

Յովիկ Աբրահամեան

Յովիկ Աբրահամեան

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղ:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ Աբրահամեան երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ:

Հայաստանի ու Ղարաբաղի կառավարութիւններու անդամները ընդլայնուած կազմով պիտի քննարկեն նաեւ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հարցեր ու ծրագիրներ:

Հայաստանի կառավարական պատուիրակութեան կազմին մէջ են աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, արտակարգ իրավիճակներու, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, արդարադատութեան նախարարները, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի, տնտեսութեան նախարարի տեղակալները եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES