Ոստիկանութիւնը Բռնի Ուժ Կը Կիրարկէ Ելեկտրականութեան Գինի Սղումին Դէմ Պայքարող Քաղաքացիներուն Նկատմամբ
Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սղումին դէմ պայքարող նախաձեռնութեան անդամները երէկ կէսօրին փորձեցին մուտք գործել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նիստին եւ պահանջեցին կանխել ելեկտրականութեան սղումը:
Յայտնենք, որ յանձնախումբը կանխատեսած էր ելեկտրականութեան գինը 4 դրամով բարձրացնել: Նախաձեռնութեան անդամները անհիմն նկատեցին յառաջիկային նման սղում մը:
Յանձնախումբի նստավայր տանող բոլոր ճամբաները փակուած էին ոստիկաններուն կողմէ, որոնք ցուցարարներէն առաջ ներկայ էին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի շէնքին մօտ:
Ոստիկանները բռնի ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն դէմ: Սեռ եւ տարիք հաշուի չառնելով` անոնք սկսան նստացոյցին մասնակիցները բռնի ուժով բերման ենթարկել, խցկել ինքնաշարժներուն մէջ եւ տանիլ ոստիկանութեան բաժանմունք: Բերման ենթարկուեցան մօտ 3 տասնեակ ցուցարարներ:
Հայ Ազգային քոնկրեսի, ՀՅԴ-ի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք կը գտնուին Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովին պիտի ներկայացնեն ոստիկանութեան եւ նախաձեռնութեան անդամներուն միջեւ երէկուան պատահածը, մասնաւորաբար ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած անհաւասարաչափ ուժի պարագան:

