Շփման Գիծին Վրայ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Զինադադարը Խախտուած Է 700 Անգամ

9E6BA424-E839Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 15-21 յունիսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 700 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 6 հազար 500 կրակոց:

«Բանակի յառաջապահ զօրամասերը համարժէք պատասխան տուած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկած են շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերու պաշտպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES