Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Երազելը լաւ զգացողութիւն է, յոյս կու տայ. այսուհանդերձ, իրականութեան ետ համաձայնեցէք, որպէսզի կեանքը ապրիք իմաստութեամբ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն փայլող առարկայ ոսկի մի՛ կարծէք: Նոյնպէս` ամէն ժպտող անձ չի կրնար ազնիւ կամ խոնարհ ըլլալ: Արտաքին երեւոյթները չխաբեն ձեզ, զգո՛ւշ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարծիքներու փոխանակում պիտի ունենաք համախմբումի մը մէջ: Ձեր տեսակէտը լսողները շատ պիտի ըլլան: Մնացէք ունկնդիր այլոց խօսքերուն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կեդրոնանանք ձեր անձին վրայ` ինքնասիրութեամբ եւ այլամերժութեամբ: Միացէք ձեր բարեկամներուն, գործակիցներուն, կազմակերպեցէք հաճելի ժամեր:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատուն պէտք է երթաք` յետնեալ հաշիւները ճշդելու: Նոյն ատեն ուշադիր եղէք, մսխումէ հեռու մնացէք: Ծախսեցէք անհրաժեշտ պարագային:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վիճակահանութեան տոմսով մը կրնաք բախտաւորուիլ: Նոյնիսկ փոքր գումար մը ձեզ կրնայ ուրախացնել, հետեւաբար մասնակցեցէք անմեղ բախտախաղի մը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր երկնակամարին վրայ կը նշմարուի բախտաբեր նշան մը, անամպ է ձեր երկինքը, մնացէք յոյսին կառչած, առանց դժգոհելու աննշան պատահարէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դաստիարակչական պարտաւորութեամբ պիտի ստիպուիք գումար մը յատկացնելու առ որ անկէ: Կարեւոր պիտոյքներու համար գումար յատկացնելը վնաս չէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր արտաքին երեւոյթին հոգ տարէք, հագուածքը կարեւոր է եւ կը յայտնէ ձեր բնաւորութիւնը: Ուրիշին վրայ գեղեցիկ երեւցողը ձեզի չի յարմարիր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նորաձեւութիւնը ճաշակի մասին մտածել կու տայ: Հետեւեցէք նոր շարժումներու` առանց ծայրայեղութեան: Չափաւորութիւնը չափանիշ նկատեցէք, կը շահիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համացանցի վրայ երկարատեւ ժամանակ անցընելը ձեզ կը հեռացնէ ընկերային կապերէ: Գիտութիւնը կը սորվեցնէ ժուժկալութիւն եւ ներդաշնակութիւն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հետեւեցէք օրուան ներշնչած խորհուրդին: Կեանքը ունի նշաններ, զորս պէտք է մեկնաբանէք: Այսօր ձեզմէ կը պահանջուի ըլլալ խոհեմ, իմաստուն:

 

Share this Article
CATEGORIES