«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայկական Ցեղասպանութեան Վաթսունամեակի Համահայկական Փառահեղ Հանդիսութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բացում Պէյրութի Արմենիա Պողոտային

DSC09458Լիբանանի հայութիւնը 1975-ին մեծ շուքով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակը: Մեծ Եղեռնի 60-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի համազգայինի մարմինին որոշումով, Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման հրապարակային ելոյթները, որոնք տեղի պիտի ունենային ապրիլ 24-ին, երկրի ներքին կացութեան պատճառով յետաձգուեցան եւ տեղի ունեցան մայիս 6-ին:

Արդարեւ, Այն Ռըմմանէի դէպքով ապրիլ 13-ին սկսած կռիւներուն առաջին հանգրուանը, գլխաւորաբար` Շիահի, Այն Ռըմմանէի, Տըքուանէյի եւ Թէլ Զաաթարի մէջ, շարունակուեցան մինչեւ ապրիլ 16, երբ փաղանգաւորներու եւ ֆետայիներու միջեւ զինադուլ հաստատուեցաւ, որմէ ետք, երկուշաբթի, ապրիլ 21-ին դպրոցներն ու դրամատուները վերաբացուեցան:

Մեծ եղեռնի 60-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի համազգային մարմինէն պատուիրակութիւն մը ապրիլ 24-ին այցելեց վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի եւ յուշագիր մը յանձնեց անոր: Նոյն օրը ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ապրիլեան երեք յուշարձաններու վրայ` Էշրեֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող յուշարձանին, Անթիլիասի մատուռ-յուշակոթողին եւ Պիքֆայայի յուշարձանին:

*
*   *

Երեքշաբթի, 6 մայիս 1975-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական փառահեղ հաւաքը եւ այնուհետեւ` լիբանանահայութեան երթը Պուրճ Համուտէն մինչեւ Պուրճի հրապարակ, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Նոյն օրը, Պէյրութի քաղաքապետութեան որոշումով, ելեկտրական ընկերութենէն մինչեւ Նահրի կամուրջ երկարող պողոտան կոչուեցաւ Արմենիա պողոտայ անունով:

«Ազդակ» օրին, 7 մայիս 1975-ի թիւով, լայնօրէն, հինգ էջերով անդրադարձած է Մեծ Եղեռնի վաթսունամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն: «Լիբանան բաբախեց հայութեան սրտին հետ», «Հարիւր հազարաւոր բազմութիւններ, փողոցներու երկայնքին ու տանիքներու եւ պատշգամներու վրայ, ողջունեցին 100,000 լիբանանահայերու երթը Պուրճ Համուտէն մինչեւ Պուրճի Հրապարակ» խորագիրներով, «Ազդակ» կը գրէր.

Արեան կանչին պատասխանելով, յիսուն հազար հայեր մարդկային ծովու վերածեցին Պուրճ Համուտի մարզադաշտը, որ կ՛եռար ու կ՛եփէր խանդաբորբ երիտասարդութեան մը անկշռելի եռանդով:

Լիբանան, յանձին իր վարչապետին, պետականօրէն մասնակցեցաւ վաթսունամեակի ոգեկոչման, բերելով իր համակրանքին եւ գնահատանքին ամբողջական արտայայտութիւնը:

DSC09459Միւս կողմէ, հարիւր հազար հայեր պատկառելի եւ տպաւորիչ երթ մը կատարեցին: Պուրճ Համուտէն մինչեւ Պուրճի հրապարակը, մարդկային հեղեղ մը անվերջ կը հոսէր, պատանի, երիտասարդ, տարիքոտ, ծեր, այր ու կին, բոլորը մէկ սիրտ, մէկ հոգի, ազատ Լիբանանի լայնարձակ պողոտաներուն վրայ, արդարութեան անլռելի պահանջով:

Յուզի՛չ էր «Արմենիա» պողոտային բացման հանդիսութիւնը. նոյնքան եւս յատկանշական էր իր գլխաւոր պողոտաներէն մէկը Հայաստանի անունով վերամկրտելու Պէյրութի քաղաքապետութեան որոշումը:

 *

*   *

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի մարզադաշտը երեքշաբթի, 6 մայիս 1975-ին աննախընթաց շքեղութիւն մը ստացաւ: Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, լիբանանահայութիւնը խումբ առ խումբ, տարեց, երիտասարդ, փոքր, սկաուտ ու արենոյշ, դիմեց դաշտ` ոգեկոչելու համար Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը:

Ժամը 9:00-ին, արդէն երկու թրիպիւններն ու յարակից բակերը լեցուած էին:

Պատուոյ թրիպիւնին մէջ տեղ գրաւած էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան, Գերպծ. Անդրէաս Եպս. Պըտօղլեան, Գնէլ եպս. Ճէրէճեան, վեր. Եսայի Սարմազեան, պետական երեսփոխաններ Փիեռ Ժեմայել, Ժոզէֆ Չատէր, Ամին Ժեմայէլ, Օկիւսթ Պախոս, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Արա Երեւանեան, տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան, նախկին երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, Պուրճ Համուտի եւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետները եւ վաթսունամեակի Ոգեկոչման Համազգայինի Կեդրոնական Մարմնի անդամները:

Ժամը 9:45-ին, վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի ժամանումը, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Սուրէն Խանամիրեանի, դիմաւորուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով:

Երկարատեւ ծափերու արժանացաւ նաեւ դաշտի մէջ մէկտեղուած երկսեռ երիտասարդութիւնը, երբ լիբանանեան դրօշակը եւ պաստառները բարձր բռնած` յառաջացաւ դէպի պաշտօնական թրիպիւնի ուղղութեամբ:

Համահաւաքման հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան ազգային քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Յանուն վաթսունամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Համազգային Մարմնի, Օննիկ Սարգիսեան բացման խօսքը կատարելէ ետք, հրաւիրեց ներկայ բազմահազար ժողովուրդը երկու վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը:

Ապա գործադրութեան դնելով համահաւաքման յայտագիրը, յաջորդաբար խօսք առնելու հրաւիրեց օրուան բանախօսները:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ մեթր Նուպար Թուրսարգիսեան, արաբերէնով:

Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն նկատմամբ գործուեցաւ նո՛յն ոճիրը, ըսաւ մեթր Թուրսարգիսեան. 1916 մայիս 6-ին հոս բարձրացուած կախաղանները մէկ արարն էին այն ահաւոր ողբերգութեան, որուն մատնեցին հոն` 1915 Ապրիլ 24-ին` ձերբակալելով, սպաննելով ու ջարդելով, հայերը:

Մենք, կարիք չենք տեսներ լիբանանցիները մղելու որ մասնակցին հայերուն` դատապարտելու համար օսմանեան ոճիրները. հարկ չենք տեսներ, որովհետեւ վայրագութիւնը, որ միլիոնաւոր զոհեր պատճառեց հայերուն, նո՛յնն է որ բազմաթիւ նահատակներ խլեց արաբներէն եւ լիբանանցիներէն:

Երկրորդ խօսողը` Վահրիճ Ճէրէճեան նշելէ ետք թէ կ՛ոգեկոչենք Լիբանանի Նահատակաց օրը` մայիս 6, յայտնեց հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը հանդէպ Լիբանանի: Ապա, դատապարտելով ցեղասպանութիւնը, ընդգծեց թէ թուրքը ուզեց ջարդել եւ անհետացնել հայ ժողովուրդը, բայց մենք կանք ու կը գոյատեւենք:

Անխորտակ է հայ ժողովուրդին կամքը եւ անանցանելի է անոր նահատակներուն կտակը: Հայուն դատը կը մոռցուի միայն այն ատեն, երբ արդար լուծում գտնէ:

Ազգային միասնականութեան յաղթանակը նշելով, բանախօսը յայտնեց թէ պէտք է աւելի ընդլայնել ու աւելի զօրացնել այս միասնականութիւնը:

Իր խօսքը վերջացնելով` Վահրիճ Ճէրէճեան ըսաւ. «Յարգանք  ու պատիւ մեր նահատակներուն, յաւերժական փառք անմահ հայ ժողովուրդին»:

Երրորդ խօսողը` Օննիկ Սարգիսեան նշելէ ետք թէ արաբական այս ասպնջական երկրին մէջ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար նահատակներու յիշատակը, ընդգծեց որ պէտք է հաւաքաբար ու միասնաբար հետապնդենք մեր դատը, բախելով բոլոր դռները, որքան որ կարելի է ու կը ներեն մեր պայմանները, որովհետեւ հետեւողական եւ յարատեւ աշխատանքն է որ արդիւնք կու տայ:

Ուր որ գացինք, եղանք օրինապահ ու հաւատարիմ քաղաքացիներ եւ մեր մասնակցութիւնը բերինք մեր բնակած երկիրներու բարգաւաճումին եւ գտանք մեր ազգային ու մշակութային ինքնութիւնը: Այսպէս եղած ենք մեր պատմութեան  ամբողջ ընթացքին: Ամէն տեղ ու ամէն բանի վրայ կը տեսնենք մեր ճարտարապետութեան թէ մշակոյթին, մէկ խօսքով` մեր ստեղծագործութեան դրոշմը:

Չորրորդ խօսք առնողը եղաւ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան:

Ահա հոս ենք նորէն, խուռներամ, բողոքելու համար մեծ անարդարութեան դէմ: Մեր դարաւոր հայրենիքը ոտնակոխ եղաւ ու ամայացաւ: Մեր ժողովուրդը իր մէկ մասով ջարդուեցաւ, իսկ մնացեալ մասը ցիրուցան եղաւ 3000 տարուան իր պապենական հողերէն: Նաեւ` իր ցաւերը ամոքեց, շինեց դպրոց, եկեղեցի ու ակումբ, չմոռցաւ իր նահատակները եւ կորսնցուցած իր պապենական հողերը:

Սուգ ըրաւ, բայց հետզհետէ զօրացաւ, կազմակերպեց ցոյցեր, կատարեց քայլարշաւ, կանգնեց յուշարձաններ եւ սգատօնը վերածեց քաղաքական դատի հետապնդման:

Մեր դատը քաղաքական դատ էր ու գոյութիւն ունէր ցեղասպանութենէն ալ առաջ: Թուրքը ուզեց ջնջել հայկական դատը: Որովհետեւ կորսնցնելէ ետք արաբական երկիրները, կ՛ուզէր համաթուրանական պետութիւն ստեղծել, բայց ձախողեցաւ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն: Ու այսօր թուրքեր օտար երկիրներ ափ կ՛առնեն, օրապահիկի մը համար:

1915-ի Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ հայ ժողովուրդը ենթակայ է ձուլումի: Պէտք է կատարուի արդարութիւն եւ հայ ժողովուրդը ազատ պայմաններու մէջ ու իր սեփական հողերուն վրայ պէտք է շարունակէ իր նուաճումները, իր մասնակցութիւնը բերելով մարդկային քաղաքակրթութեան:

Վերջին խօսողը եղաւ մեթր Խաչիկ Պապիկեան, արաբերէնով:

Լիբանան, սիրելի երկիրս, ըսաւ Մեթր Պապիկեան, սուգի մէջ է այսօր:

Լիբանան կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները ու կը մասնակցի սուգին իր հայ զաւակներուն:

Պատմութիւնը սարսռազդեցիկ է, փշաքաղիչ. 1915-ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկումի հետեւանքով քաոս էր միջազգային յարաբերութեանց մէջ ու առիթը օգտագործելով Թուրքիա գործադրութեան դրաւ հայ ժողովուրդը ամբողջապէս բնաջնջելու իր դժոխային ծրագիրը:

Ապա խօսք տրուեցաւ վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի. ան ըսաւ.

«Մեծարգո՛յ Տեարք, տիկիններ եւ պարոններ,

Իրօք, ինծի համար հպարտութեան եւ գոհունակութեան առիթ մըն է մասնակցիլ` ձեր ժողովուրդի մեծաթիւ զաւակներու նահատակութեան 60-ամեակի ոգեկոչման այս հանդիսութեան:

Այս տարեթիւը միշտ պիտի մնայ կենդանի եւ պիտի փաստէ աշխարհին` թէ ժողովուրդ մը չի կրնար մոռնալ իր նախահայրերն ու իր իրաւունքները, չի կրնար մոռնալ իր հայրենի հողը:

Դուք մասնակից եղաք Լիբանանի անկախութեան մարտերուն եւ նպաստեցիք ԼԻբանանի զարգացման` քաղաքակրթական, մշակութային, տնտեսական եւ շինարարական մարզերէն ներս… Բարո՛վ եկաք այս երկիրը:

Վստահ եղէ՛ք որ մենք չենք ընդունիր եւ պիտի չընդունինք որ խտրութիւն մը դրուի` ըսելով «Հայ ծագումով լիբանանցիներ»… ձեր մասին: Դուք լիիրաւ լիբանանցիներ էք եւ պարզապէս կը կոչուիք լիբանանցիներ… քանի ոչ ոք գերադաս է միւսէն բացի` Լիբանանի հանդէպ իր տածած սիրոյ սաստկութեամբ, Լիբանանի կատարած իր ծառայութեանց տարողութեամբ եւ լիբանանեան հողին ու հայրենիքին իր կառչածութեամբ:

Եղբա՛յրներ,

Ձեր աղէտը մեզի կը յիշեցնէ ուրիշ մը` զոր կ՛ապրի Լիբանան այսօր, եւ իր հետ կ՛ապրի նաեւ արաբական աշխարհը, ատիկա` պաղեստինցի մեր եղբայրներու կրած աղէտն է… եւ մենք բոլորս Լիբանանի մէջ աչալրջօրէն նախանձախնդիր ենք` տալու անոնց մեր աջակցութիւնն ու զօրավիգը, որպէսզի անոնք կարողանան ազատագրել իրենց հայրենի հողը եւ վերադառնան հոն»:

Հանդիսութենէն ետք, ներկայ բազմահազար ժողովուրդը մասնակցեցաւ հսկայ թափօրին, որ քաղաքապետարանի դաշտէն ուղղուելով դէպի Տորա, անցաւ Պուրճ Համուտի եւ Հաճըն թաղի հայահոծ շրջաններէն, հասաւ ելեկտրական ընկերութեան կեդրոնը, ուր կատարուեցաւ «Արմենիա» պողոտայի պաշտօնական բացումը, ապա շարունակելով իր երկար երթը, հասաւ Պուրճի հրապարակ եւ Նահատակաց Յուշարձանին վրայ զետեղուեցաւ վաթսունամեակի ոգեկոչման Համազգային Մարմնի կողմէ ծաղկեպսակ մը:

Թափօրը կազմուեցաւ լիբանանեան դրօշակ պարզած ինքնաշարժներու առաջնորդութեամբ, որոնց կը հետեւէին «Ալեք Մանուկեան» եւ «Զարեհ Նուպար» սկաուտները, ու լիբանանեան զինուորական ջոկատ մը:

Ապա կու գային պաշտօնական անձնաւորութիւններու շարքը` Վաթսունամեակի Ոգեկոչման Համազգային Մարմնի անդամները, պետական հայ երեսփոխանները, վաթսունամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Համազգայինի Մարմնի անդամները, հայ կուսակցութեանց ներկայացուցիչները եւ երեւելի ազգայիններ:

Այնուհետեւ կու գային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի եւ «Մեսրոպեան» վարժարանի սկաուտները, ՀՄԸՄ-ի արենոյշներու եւ սկաուտներու երկար շարքը, քահանայից դասը, «Հռիփսիմեանց» վարժարանի, «Զարեհ-Նուպար» եւ «Անդրանիկ-Սեւան» արենոյշները, լիբանանեան դրօշակ եւ պաստառներ բռնած երկսեռ երիտասարդութիւնը եւ երկար շարքը բազմահազար երկսեռ ժողովուրդի:

*
*   *

Մեծ Եղեռնի վաթսունամեակի ոգեկոչման առիթով, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը որոշած էր ելեկտրական ընկերութենէն մինչեւ Նահրի կամուրջը երկարող պողոտան կոչել «Արմենիա» պողոտայ անունով:

Համաձայն իր որոշումին, փողոցի մուտքին զետեղուած էր երեք լեզուներով` արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն գրուած աչքառու ցուցատախտակ մը:

Պուրճ Համուտի մարզադաշտէն ճամբայ ելած թափօրը ժամը 12:30-ին հասաւ ելեկտրական ընկերութեան կեդրոն, որուն դիմաց զետեղուած էր ցուցատախտակը:

Կարգապահութեան հսկող երիտասարդներ, անմիջապէս շրջանը առին օղակի մէջ, առիթ տալու որ պատասխանատու անձերը մասնակցին հանդիսութեան:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան եւ քաղաքապետ Ամին Պէյհում:

Ապա, ձեռամբ առաջնորդ Տաճատ սրբազանին տեղի ունեցաւ բացումը ցուցատախտակին, որ ծածկուած էր շղարշով:

Բացման կարճ հանդիսութենէն ետք, թափօրը շարունակեց իր ընթացքը մինչեւ Պուրճի հրապարակ` Նահատակաց Յուշարձանին վրայ ծաղկեպսակ զետեղելու համար:

Share this Article
CATEGORIES