Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Գագիկ Ծառուկեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի
Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները

0624HMEMՀայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի մասնաճիւղի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են նախորդ տարի Երեւանի մէջ կայացած ՀՄԸՄի 9-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է միութեան ծաւալած բազմաճիւղ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրներուն: Հարիւրաւոր երիտասարդներու համար այս տարի եւս հանդիպման վայր պիտի ըլլայ Հայաստանը, ուր անոնք պիտի մասնակցին ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած բանակումին: Գառնիկ Մկրտիչեան Գագիկ Ծառուկեանը հրաւիրած է աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ համախմբուած պատանիներու ու երիտասարդներու ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումին: Գագիկ Ծառուկեան սիրով ընդունած է հրաւէրը եւ յայտնած իր պատրաստակամութիւնը` աջակցելու ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան ու նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ բանակումին մասնակցող հարիւրաւոր երիտասարդները հրաւիրած է համախմբուելու վայրի մը մէջ` միասնաբար կիսելու հայրենիքին մէջ հիւրընկալուելու ուրախութիւնն ու բերկրանքը:

«Ուր միասնութիւն, այնտեղ յաղթանակ: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու շնորհիւ պէտք է աշխարհին ապացուցենք, որ հայ ժողովուրդի միասնութեան պարագային անյաղթահարելի խնդիր գոյութիւն չունի», իր խօսքին մէջ նշած է Գագիկ Ծառուկեան` կարեւոր նկատելով ՀՄԸՄ-ի համագործակցութիւնը սփիւռքի կառոյցներուն հետ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը համայնքին կողմէ հրաւէր փոխանցած է եւ նշած, որ Գագիկ Ծառուկեանը սպասուած հիւր է Լիբանանի մէջ:

«Իւրաքանչիւրս մեր կարելին պէտք է ընենք սփիւռքի մեր հայրենակիցները ու առաջին հերթին երիտասարդ սերունդը հայրենիքի մէջ հիւրընկալելու, Հայաստանին կապելու համար. այս է հայապահպանութեան միակ ճանապարհը», յայտնեց Գագիկ Ծառուկեան` ընդունելով հրաւէրը:

Գօգօ Պալեանին Յանձնուեցաւ
Հայաստանի Քաղաքացիի Անձնագիր

0618kokobalianՅունիս 16-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը յանձնեց վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գօգօ Պալեանին:

Հայաստանի նախագահին թոյլտուութեամբ, սփիւռքի նախարարութեան վերապահուած է սփիւռքահայ անուանի գործիչներուն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր յանձնելու իրաւունքը:

Գօգօ Պալեան ծնած է 1948-ին, Լիբանան, կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, մասնագիտութեամբ ձեւագծող է: 1995-2003 թուականներուն եղած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, 2007-2011` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ: 2009 թուականէն մինչ օրս ան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փոխնախագահն է:

Գօգօ Պալեան կարդաց երդումը, եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան անոր յանձնեց Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր: Նախարարը կարեւոր նկատեց հայ գործիչին ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ի մէջ: Բարձր գնահատելով Գօգօ Պալեանի` սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդները հայ պահելու քառասնամեայ հայրենանուէր գործունէութիւնը` նախարարը զայն պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով: «Գօգօ Պալեան այն եզակի հայերէն է, որ մասնակցած է Վիեթնամի պատերազմին: Զայն կը ճանչնան սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ, եւ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը հայազգի մեծանուն գործիչը  յաւերժ պիտի կապէ մայր հայրենիքին», նշեց նախարարը:

Գօգօ Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան բարձր գնահատանքին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նոյն ոգիով շարունակելու հայապահպանութեան նպատակով ի գործ դրած իր ջանքերը:

Լուսանկարիչ Յակոբ Պօղոսեան Իր Ձեւով
Կ՛անմահացնէ Արցախի Հերոսները

Ովքե՞ր են հերոսները, որոնց շնորհիւ Արցախի ազատամարտին ընթացքին ունեցանք յաղթանակներ: Այս հարցումին իբրեւ պատասխան, լաւագոյն պարագային, քանի մը տասնեակ անուններ կը հնչեն, բայց խորքին մէջ անոնք հազարներով են: Յակոբ Պօղոսեան Արցախի պատերազմին մասնակցած է` որպէս զէնք կրելով լուսանկարչական սարքը: Կը ցաւի, որ մարդիկ չեն ճանչնար մարտի ամէնէն թէժ կէտերուն վրայ կռուած տղաները, եւ որպէսզի անոնք ճանչցուին ու չմոռցուին, Յակոբ Պօղոսեան սկսած է հաւաքելու պատերազմի տարիներու լուսանկարներն ու անոնց մասին տեղեկութիւններ:

Այդ նպատակով լուսանկարիչը կը շրջի Հայաստանով մէկ, ազատամարտիկներու ընտանիքներէն կը հաւաքէ նկարները, իսկոյն կը պատրաստէ անոնց կրկնօրինակները: Նախատեսած է վերականգնել լուսանկարներու պատմութիւնը` անուն առ անուն նշելով անոնց մէջ պատկերուած ազատամարտիկներուն անունները:

Սկսած է Շուշիի առանձնակի գումարտակէն: Արդէն հաւաքած է հազար լուսանկար իր եւ լուսանկարիչ ընկերներու արխիւներէն: Զինա եւ Զոյա Քոչարեանները 1991 թուականէն Հայ օգնութեան միութեան Հրազդանի մասնաճիւղին մէջ կ՛աշխատին, հանդիպած են հազարաւոր ազատամարտիկներու, զոհուածներու ընտանիքներուն հետ անոնց երեխաները մինչեւ այսօր դպրոց կ՛երթան, բանակ կը զօրակոչուին եւ կ՛ամուսնանան: Քոյրերը կը թերթատեն ալպոմները ու կը փորձեն յիշել ծանօթ դէմքերուն անունները` բժիշկ Նորիկը, մեր Ափոյեան Անդրանիկը` Հրազդանէն, Գարիկը, Ռոմիկը…

Քոյրերը կը թուեն հրազդանցի ազատամարտիկներուն անուններն ու մականունները, Յակոբ Պօղոսեան արագօրէն գրի կ՛առնէ: Որպէսզի տեղեկութիւնը հաւաստի ըլլայ, լուսանկարները ցոյց կու տան այն բոլոր անձերուն, որոնք, հաւանաբար ճանչնան տղաքը: Միաժամանակ կը լուսանկարէ եւ կը վերատպէ այն նկարները, որոնք չկան իր արխիւին մէջ:

1993-ին զոհուած ազատամարտիկ Արտոլիկ Սարգսեանին կինը ընտանեկան նկարները կը հանէ, կ՛ըսէ, որ կռուող տղաները նկարուիլ չէին սիրեր, ցուցամոլութիւն կը նկատէին: Պատերազմի տարիներէն իր ամուսինէն միայն մէկ լուսանկար ունին:

«Այս նկարը ինք կը պահէր գրպանը, քանի որ 2 տղաներուն հետ էր: Երբ ականի վրայ պայթեցաւ հրասայլով, ասիկա գրպանին մէջ էր, այդ պատճառով ալ այրած, սեւցած է», յայտնած է Ալվարդ Սարգսեանը:

Որպէս լուսանկարիչ` Յակոբ Պօղոսեան գտնուած է պատերազմի ամէնէն թէժ վայրերուն մէջ եւ լաւապէս գիտէ, թէ ինչ արժէք ունին լուսանկարները ազատամարտիկներու ընտանիքներուն համար: Այդ պատճառով տուն առ տուն կը շրջի զանոնք գտնելու համար:

Շուշիի առանձնակի գումարտակի մասին նիւթը ամփոփելէ ետք, Յակոբ Պօղոսեան յաջորդաբար պիտի անդրադառնայ միւսներուն, պիտի մեկնի Արցախ: Ձեռքին տակ ունի պատերազմի տարիներուն վերաբերող եւ երբեք չհրապարակուած ժապաւէններ: Նաեւ սփիւռքի ընկերներէն խնդրած է հաւաքել իրենց քով եղող լուսանկարները: Տակաւին չի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէ այս հսկայական նիւթով, հաւանաբար կը յանձնէ արխիւի: Եթէ օժանդակութիւն տրամադրուի, անոնք կարելի է գիրքով տպել:

150 Միլիոն Դրամ` Արցախի Զոհուած
Ազատամարտիկներու Ընտանիքներուն

Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` բերքահաւաքի աշխատանքներուն ընթացքին վերաբերեալ: Ժողովին կը մասնակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Լեւոն Գրիգորեան եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները: Գիւղատնտեսութեան նախարարը ըսած է, որ Արցախի տարածքին այս տարուան ընթացքին մշակուած աւելի քան 62 հազար հեկտար հացահատիկային մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւններէն ընդհանուր առմամբ արդէն ստացուած է շուրջ 11 հեկտար գարիի եւ ցորենի հունձք: Բերքատուութեան միջին ցուցանիշը կազմած է հեկտարէն 9.8 քենթալ, որուն մէջ գարիի միջին բերքատուութիւնը` 8.9 քենթալ, իսկ ցորենինը` 13.6 քենթալ: Ան ընդգծած է, որ բերքատուութեան մակարդակը աճելու առիթ ունի, եւ տարուան վերջնական ցուցանիշը` համեմատած ներկայ միջանկեալի, աւելի բարձր կ՛ակնկալուի: Երաշտը մեծ վնաս հասցուցած է դաշտերուն: Այդ պատճառով այս տարի նախատեսուած է հացահատիկայիններու բերքատուութեան ցած ցուցանիշներ, նախորդ տարուան համեմատ: Անդրանիկ Խաչատրեանի համաձայն, «դաշտերուն մէջ ներկայիս կ՛աշխատի 192 հնձող մեքենայ, եւ բերքահաւաքի աշխատանքներուն մէջ երկրագործական սարքերու խնդիր չկայ»: Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ցորենը դաշտին մէջ արտադրողէն կը գնեն քիլոկրամը 145 դրամով, իսկ տեղափոխման պարագային, տնտեսավարող կառոյցները զայն կը գնեն 150 դրամով եւ աւելի բարձր գինով` կախեալ ցորենի որակէն:

Խորհրդակցութեան ընթացին Արա Յարութիւնեան անդրադառնալով զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու բնակարանային բարելաւման հիմնախնդիրներուն` տեղեկացուցած է, որ բարերար Վարուժան Գրիգորեան 150 միլիոն դրամ յատկացուցած է այդ նպատակով: Վարչապետը շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է ըստ առաջնահերթութեան վերջնականացնել կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը եւ զբաղիլ աջակցութեան յատկացմամբ:

Արա Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ ծրագիրի աւարտին իր վերահսկողական ծառայութիւնը համապատասխան ստուգումներ պիտի կատարէ` գումարներու նպատակային օգտագործման ուղղութեամբ:

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Ամերիկահայ Բարերարներ
Վարդգէս Եւ Մերի Նաճարեանները

0618pakoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 յունիսին ընդունած է ամերիկահայ բարերարներ Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեանները:

Հանդիպման, որուն մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է առողջապահութեան ոլորտին վրայ:

Շաբաթական Չորս Թռիչք`
Երեւանի Եւ Ապու Տապիի Միջեւ

«Իթթիհատ» Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային օդանաւային ընկերութիւնը 2 յուլիսէն Երեւանի եւ Ապու Տապիի միջեւ պիտի կատարէ կանոնաւոր թռիչքներ` շաբաթական չորս անգամ: Այդ առիթով ընկերութիւնը նաեւ բացած է երեւանեան նոր գրասենեակ եւ Տուկի Տուկլասը նշանակած Հայաստանի հարցով գլխաւոր կառավարիչ:

«Այս ծառայութիւնները պիտի նպաստեն Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, աւելի պիտի ամրապնդեն արդէն իսկ ամուր առեւտրային եւ զբօսաշրջային կապերը Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ եւ պիտի ապահովեն լայն կարելիութիւններ Ապու Տապիի միջոցով կապուելու Ծոցի եւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հետ, ուր մեծ հայկական սփիւռք կը բնակի», յայտարարած է «Իթթիհատ»ի գլխաւոր քարոզչական բաժինի ղեկավար Փիթըր Պաումկարընըրը:

«Իթթիհատ» ընկերութիւնը Ապու Տապի-Երեւան թռիչքները պիտի կատարէ երկու կարգ ունեցող Էրպաս-Ա 320 օդանաւերով, որոնք ունին 16 գործարարական եւ 120 պարզ կարգի աթոռներ:

Տեղի Ունեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան
Ելեկտրոնային Գրադարանի Նոր Կայքին
Շնորհահանդէսը

Տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանի նոր կայքին շնորհահանդէսը:

Կայքի սպասարկող-գործարկու Միքայէլ Եալանուզեան ներկայացուց գրադարանին նոր կայքը, համեմատեց նախորդ կայքին հետ, թուարկեց առաւելութիւնները: Ան նշեց, որ փոփոխութիւններէն ետք անիկա արդէն ունի առանձին համացանցային տիրոյթ (http://libmindiaspora.am/), դարձած է աւելի արագ եւ հասանելի, բարձրացած է նիւթերու տեղադրման արդիւնաւէտութիւնը: Նոր կայք տեղափոխուած են նախորդին նիւթերը, լրամշակուած է կառուցուածքն ու բովանդակութիւնը, փոխուած են խորագիրները: Իւրաքանչիւր ամիս պիտի լուսապատճէնահանուի, թուայնացուի եւ տեղադրուի 3500-4000 էջ նիւթ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց իր դիտարկումները, կարեւոր նկատեց առաւել մեծ թիւով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն ընդգրկուածութիւնը կայքին մէջ: Ան յանձնարարեց կայքը համալրել մանկական գրականութեամբ, դասագիրքերով, արդիական ուսումնամեթոտական նիւթերով, խաղերով եւ տեսանիւթերով, սերտօրէն համագործակցած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող գրադարաններու եւ հրատարակչատուներու հետ, տեղադրած է անոնց կայքերուն յղումները:

Քննարկուեցաւ համապատասխան վարչութիւններու եւ կայքի պատասխանատուներու ուժերով համազգային հիմնախնդիրներուն առնչուող գիտական յօդուածներու բաժին ստեղծելու հարցը: Յանձնարարուեցաւ պարբերաբար դիտարկել նախարարութեան բոլոր կայքերը, իւրաքանչիւր շաբաթ հրաւիրել աշխատանքային խումբի նիստ եւ անընդհատ կատարելագործել նախարարութեան տեղեկատուական կարելիութիւնները:

Ներկայացուեցան նաեւ «Հայկական սփիւռքի պատմութեան վիրթուալ թանգարան» http://armdiasporamuseum.com կայքին վրայ կատարուած փոփոխութիւնները:

Պաս – Սանթուր Հայկական Աւանդական Նուագարանը
Պիտի Կիրարկուի Երաժշտական Դպրոցներուն Մէջ

1403087727-4834Պաս-սանթուրը հայկական աւանդական նուագարաններէն է: Անիկա մեծ տարածում ունեցած է յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Սանթուրը` որպէս ազգային նուագարան, յատուկ կարեւորութեան արժանացած է Կոմիտասի կողմէ:

Հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան»համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սեդրակ Երկանեանի համաձայն, այս երաժշտական գործիքը ունենալու նախագիծ շատոնց կար, սակայն միջոցներ չկային զայն կեանքի կոչելու համար: Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, այսօր արդէն գործիքը կայ, անիկա պէտք է օգտագործուի երաժշտական դպրոցներուն մէջ:

Ազգային նուագարաններու պահպանման հարցը թէեւ տարիներ առաջ վտանգուած էր, սակայն այսօր արդէն խնդիրը որոշ չափով լուծուած է մշակոյթի նախարարութեան կատարած ծրագիրներուն միջոցով: Անոնցմէ է 2007 թուականէն երաժշտական դպրոցներուն մէջ ազգային նուագարաններու անվճար ուսուցում կազմակերպելը, իսկ 2013-էն երեխաներուն անվճար ժողովրդական գործիքներու տրամադրումը: Այսօր արդէն ազգային նուագարաններ պատրաստող մեր անուանի վարպետները իրենց փորձառութիւնը կը փոխանցեն շնորհալի փոքրիկներուն եւ հետագային կը սորվեցնեն անոնցմով նուագել:

Սեդրակ Երկանեան միշտ ալ մտահոգուած է բուն հայկական սանթուր ունենալու հարցով: «Այս գործիքին երկար տարիներ փոխարինել է սահմանափակ ձայնածաւալով, աղքատիկ թեմպրային հնարաւորութիւններով սիմպալը: Մտածեցինք ունենալ բուն հայկական սանթուր: Այս գործիքը բացառիկ է նաեւ նրանով, որ յաւելեալ ունի պասային նոր ռեժիսթր: Սա բոլորովին նոր բան է, նորարարութիւն է առհասարակ ժողովրդային նուագարնների ծիրից ներս», ըսած է ան:

Պաս-սանթուրը պատրաստած է Ալբերտ Զաքարեանը: Վարպետը երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք տակաւին նոր, տարին մէկ երկու հատ հայկական սանթուր կը պատրաստէ: Իսկ նոր հնչողութեամբ պաս-սանթուր պատրաստելու համար վարպետը ուսումնասիրած է օրէնքները եւ պատրաստած է նոր կառուցուածքով գործիք:

«Հաշուի առնելով ձայնային հզօրութիւնը` այս գործիքի համար կը գրուեն նոր ստեղծագործութիւններ: Սանթուրահար Թեհմինէ Ջերեջեանը երկար տարիներ նուագել է սիմպալի վրայ, իսկ պաս-սանթուր նուագարանին տիրապետում է մէկ ամիս, սակայն այս ընթացքում յաղթահարել է նուագարանի հետ կապուած թեքնիք խնդիրները», յայտնած է Երկանեան:

Սանթուրահարը նշած է, որ ստեղծագործութիւն մը նուագած է երկու գործիքներու վրայ ալ, եւ երկու պարագային ալ զգացողութիւններն ու լուծումները տարբեր եղած են: Անոր համաձայն, այս գործիքը հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծագործութեան նոր երանգներ տալու:

Share this Article
CATEGORIES