«Բնօրրան» Հայաստանի Հայրենակցական Միութիւններու Խորհուրդի Հանդէս 2008-2013

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

2506_Pnorran«Բնօրրան» պարբերականը հիմնուած է 1993 թուականին, որպէս օրկան Հայաստանի հայրենակցական միութիւններու: Միութիւնը իր կեդրոնի բացումը կատարած է 23 դեկտեմբեր 1999-ին: Հիմնադիր հայրենակցականներու շարքին գտնուած են Այնթապի, Զէյթունի, Ուրֆա-Եդեսիոյ, Մուսա Լերան, Նոր Արաբկիրի, Նոր Կիւրիւնի, Սեբաստիոյ, Վասպուրականի եւ վերածնած Հաճընի հայրենակցական միութիւնները:

Խանդավառ սկիզբ մը, որ առ այսօր կը շարունակուի` կապեր ստեղծելով նաեւ Սփիւռքի հայրենակցական միութիւններուն հետ, բան մը, որ քաջալերական է:

Խմբագիրը այս օրկանին հայրենակցական միութիւններու խորհուրդին կողքին, եդեսիացի ծնողներու զաւակ Ժոզեֆ Աւետիսեանն է:

Այս հանդէսը ծրագրուած է լոյս ընծայել որպէս չորսամսեայ հանդէս, բայց ինչպէս կը յայտնուի, նիւթական ակունքներու նուազումին պատճառով,  այսօր լոյսին կու գայ որպէս տարեգիրք:

Անշուշտ տարեգիրքը եւս կրնայ օգտակար ըլլալ` եթէ հետեւի Թէոդիկի ու Կարօ Գէորգեանի հրատարակած տարեգիրքերուն, որոնց յաջորդական թիւերը հետաքրքրութեամբ կը   սպասուէին: Մանաւանդ մեծն Թէոդիկին տարեգիրքը:

Ահա «Բնօրրան»-ի 2013-ին հրատարակուած մեծղի եւ 512 էջ պարունակող հատորը, որուն առաջին էջերէն մեզ կը դիմաւորեն Հրանդ Աճէմեանի զոյգ յօդուածները.- «Հայրենակցական շարժումը Հայաստանի մէջ» եւ «Հայ Ազատատենչ ոգին երեւանեան բեմին վրայ»:

Ուշագրաւ յօդուածներ:

Անշուշտ նախամեծար նկատուած է սկիզբը ներկայացնել հայրենակցականի մաս կազմող միութիւններու եւ միութիւններու խորհուրդին տարած աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ:

Ահա Հայաստանի Այնթապցիներու

հայրենակցական միութեան գործունէութեան մասին տրուած լուրեր եւ անոնց շարքին յօդուած մը Հալէպէն` Հայաստան մեկնած Ենովք Կրպոյեանի գրիչէն, հայրենասիրական զեղումով:

Կրպոյեանի կողքին յօդուածներով հանդէս եկած են Յարութիւն Կարապետեանն ու Երուանդ Պապայեանը, որ այսօր 101-ամեայ, կ՛ապրի Լոս Անճելըսի մէջ:

Ինչպէս Այնթապահայերու հայրենակցական միութիւնը, նոյնպէս վերոյիշեալ հայրենակցականները Հայաստանի մեծ պատրաստութեամբ իրենց բնօրրաններուն մէջ մղած են պայքարները, կը նշեն օսմանցի թուրքերուն, երիտթուրքերուն, հուսկ Քեմալի եւ խառնամբոխի նկրտումներուն դէմ: Այս կապակցութեամբ մեծ է թիւը յօդուածներու, զորս պատշաճ կը գտնենք:

Հայաստանի Հայրենակցականներու այս խորհուրդը` կապ պահելով Սփիւռքի հայրենակցականներուն հետ, կը փոխանցէ թէ՛ Եւրոպայէն, թէ՛ Ամերիկայէն, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքէն ստացուած տեղեկութիւններ, տեսակ մը համալրում:

Ահա՛ Տիգրանակերտի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերակառուցումին համար տեղի կ՛ունենայ

հանգանակութիւն: Կը Կազմակերպուի ուխտագնացութիւն դէպի գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստան: Ահա բանաստեղծութիւն մըն ալ` ազատագրեալ Արցախի նահատակներուն նուիրուած: Կը յաջորդէ երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը` Խանում Քիլեճեանի գրիչէն: Ուրեմն խօսքը կը վերաբերի ամբողջական Հայաստանին եւ սփիւռքին:

Հոս ներկայ է նաեւ գեղանկարիչ Էմիլ Սամուէլի Աբրահամեանը` Արցախէն: Խիստ հետաքրքրական է. «Բնօրրան»-ը իր դերին հաւատարիմ կը մնայ` Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու մէկ անուանացանկը տալով, թիւով 4368 հոգի: Առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպինք նման թուարկումի:

Ձեռնարկները իրարու կը յաջորդեն.- Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 190-ամեակի նշում:

Յուշեր Խրիմեան Հայրիկի մասին: Շահէն Խաչատուրեանի մէկ յօդուածը.- «Լուսաւորութեան Առաքեալներ», ուր կը ներկայացուին Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս Այվազովսկի եղբայրները:

Լուրեր Վանայ Ծովու Աղթամար կղզիի վերակառուցման մասին:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. 60 տարեկան:

Բացուած է Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու մատենադարանը Էջմիածնի մէջ:

Վազգէն Ա. Հայրապետի 100-ամեակի նշում:

Հայ պատրիարքներու Զմմառու վանքին մասին տեղեկութիւններ:

Ահա Մեղրիի նոր կամուրջը` «Փրկութեան ճանապարհ»: Մեկնում Աւստրալիոյ Առաջնորդ Աղան Արք. Պալեոզեանին` 66 տարեկանին: Ու մեկնում Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք-ին:

Նամակներով, լուսանկարներով հարուստ: «Լարք»-ի ամառնային Ճամբար:

Հատորին 246 էջէն կը տրուի «Պատմական-գրական» բաժինը:

Ահա Սարդարապատի հրաշքը` համաժողովրդական շարժում: Ուրարտու Վան Արարատեան թագաւորութիւն: Միջազգային գիտաժողով` «Կիլիկեան Հայաստանի մշակոյթը»:

Իտալիայէն Բժ. Երուանդ Արզումանեանի արխիւին յանձնումը Հայաստանի պատկան մարմիններուն:

Եդեսիոյ մէջ ատենին երգուած ժողովրդային երգեր, թիւով 24, բառերու եւ նօթաներու

տուուչութեամբ հանդերձ:

Արուեստ: Պարոյր Սեւակ, Հայկական ասեղնագործութիւն: Փարիզէն` Լեւոն Մոմճեանի երաժշտական չորս յօդուածները: Կոմիտասի 140-ամեակի նշում: Տիգրան Մանսուրեանը 70 տարեկան: Կոմիտասը լոյսի հանճար ու կենսանորոգ ոգի:

«Ինտիփէնտընթ» թերթի թղթակից` Մայքըլ Չըրչի հինգ հարցումները Տիգրան Մանսուրեանին:

Երախտաւորներէն` Գէորգ Գանտահարեանի մասին տասնեակներով կարծիքներ:

Մայէսթրօ Օհան Տուրեանի մեկնումը: Մեկնում գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի`

90 տարեկանին: «Բնօրրան»-ը այս մեծ գեղանկարիչին յատկացուցած է 17 էջ, ուր խօսք առած են բազմաթիւ երեւելի հայեր արուեստի աշխարհէն:

Յօդուած Սիմոն Միսակի Գրքեաշարեանի մասին: Լեւոն Խաչիկեանը 90 տարեկան, Մաշտոցի անուան մատենադարանի հիմնադիրներէն եւ տնօրէն:

Աշխարհի եզակի թանգարան` մեր Մատենադարանի նոր մասնաբաժինի բացում: Սերգէյ Համբարձումեանի մեծ ներդնումը այս կապակցութեամբ: Թափառական հայ ձեռագիրներ հայրենիք կը վերադառնան:

Յօդուած Պօղոս Հայթաեանի մասին: Երուանդ Թոլոյեանը կը ներկայացնէ Հայ Պոլիսը: Փարիզի մէջ լոյսին կու գայ Շաւարշ Միսաքեանի «Հայկաշէն» գիրքը:

Կոմիտաս վարդապետ եւ Խալիտէ Էտիպ: Տխուր յուշեր: Ձայնագրութիւններ օսմանցի սուլթանին նուիրուած: Հեղինակը հայ: Վահէ Սամուէլեան` «Հայ անցեալը լուսանկարներով»:

Զահրատի մասին Երուանդ Խաչատուրեանի վերլուծականը «Լուսեղէն Ճամբի անցորդը» վերնագիրին տակ:

Հայրենակցական գրադարան- 84 գիրքի ցանկ:

Յակոբ Աւետիքեանը կը ներկայացնէ Հալէպ հրատարակուած «Մարաշի ասեղնագործութիւն» ալպոմ գիրքը, հեղինակ` Հրազդան Թոգմաճեան: Ներկայացուած է «Նոր Այնթապ» պարբերականի 2009-ի թիւը, խմբագիր` Թորոս Թորանեան: «Սեւ գիրք» Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Ու գիրքեր, գիրքեր, ներկայացուած բազմատասնեակ գիրքեր յօդուածներ «Բնօրրան»-ի մասին ու հայրենակցական Արխիւ:

Բան մնա՞ց, որ «Բնօրրան» տարեգիրքը ներկայացուցած չըլլայ:

Ի վերջոյ «Բնօրրան»-ի յաւելուածը Մուսթաֆա Նէտիմի գրիչէն, որ եղած է Ապտիւլ Համիտի նախկին քարտուղարը: Ան 1936 թուականին Սոֆիայի մէջ Արշակ Ա. Շալճեանի կողմէ թարգմանուած ու հրատարակուած գիրքով մը` «Հայ եղեռնը» իմ վկայութիւնները» հատորով, իր իմացած բազում գաղտնիքներէն մաս մը կու տայ, կը նկարագրէ սուլթանին վարքն ու բարքը, կը պաշտպանէ հայութիւնը: Վաւերագիր մը, զոր օգտագործել պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով` երբ թուրք մը կը բացայայտէ թուրքին թաքուն ծրագիրները այնքան յստակօրէն:

Շնորհակալութիւն յայտնել «Բնօրրան»-ին իր առատօրէն մատուցած իրա՛ւ լուրերուն, եւ մեկնաբանութիւններուն համար:

Երանի չէ՞ր, որ «Բնօրրան»-ը աւելի յաճախ գար լոյսի:

Ո՞ւր են բարերար հայերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES