Սիտորֆ Ա. Սէ. Միլանի Դէմ Դատ Պիտի Բանայ
Միլան – Նիւզ կայքին համաձայն, Ա. Սէ. Միլանի նախկին մարզիչ Քլարենս Սիտորֆ իր ակումբին դէմ դատ պիտի բանայ:
38 տարեկան հոլանտացին իր փաստաբանին հետ մօտ օրէն պիտի մեկնի Միլանօ եւ դատ պիտի բանայ Ա. Սէ. Միլանի դէմ, որ ժամանակէն առաջ իրեն հետ պայմանագրութիւնը խզեց:
Նախորդ տարեշրջանին ան քանի մը ամիս ստանձնեց պաշտօնանկ եղած մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրիի պաշտօնը: Սակայն տարեշրջանը հազիւ աւարտած ան եւս պաշտօնազրկուեցաւ, հակառակ անոր որ երկկողմանի համաձայնութիւնը այդպէս չէր:
CATEGORIES Մարզական

