Լիվըրփուլ Պատրաստ Է Բաժնուելու Սուարեսէն, Եթէ…
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, Լիվըրփուլ պատրաստ է բաժնուելու իր 27 տարեկան ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեսէն, այն պայմանով սակայն, որ անոր փոխարէն գանձէ 100 միլիոն սթերլինկ: Անոր փոխանցման համաձայնագիրին մէջ այդքան նշուած է:
Սուարեսով շատ մօտէն հետաքրքրուած են Սպանիոյ ֆութպոլի երկու հսկաները` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ, որոնք սակայն անոր փոխանցման համար պատրաստ են վճարելու 70 միլիոն փաունտ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Լիվըրփուլի հետ ան 33 մրցումի ընթացքին նշանակեց 31 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

