ԼՕԽ-ի «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան- Ճոմպալաքեան Սրտի Ճաշարան»-Ի Հանդիսաւոր Բացում

2406lokhԵրէկ իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գետնայարկ նոր բարեզարդուած սրահի մը մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ին:

Ժապաւէնին հատումէն անմիջապէս ետք ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան, հայկական եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կալուածոց յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց Յակոբ Քէշիշեան: Ան նշեց, որ 2005 թուականէն սկսեալ ԼՕԽ-ը կ՛իրագործէ տաք ճաշի ծրագիրը` շրջանի հայ եւ ոչ հայ ծերունիներուն համար: Այս ճաշարանին բացումը յաւելեալ թափ պիտի տայ նշեալ ծրագիրի իրագործման, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ ճաշերուն մատակարարումը տեղի պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին կողմէ: «Այս ճաշարանին բացումը մէկ օղակը պիտի ըլլայ ԼՕԽ-ի հետագայ իրագործումներուն», ընդգծեց Յակոբ Քէշիշեան:

Յակոբ Քէշիշեան

Յակոբ Քէշիշեան

Մարալ Յովհաննէսեան

Մարալ Յովհաննէսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ յայտնեց, թէ ասկէ մէկ տարի առաջ անծանօթ ԼՕԽ-ական ընկերուհի մը իր ունեցուածքը կտակած էր ԼՕԽ-ին: Այդ ընկերուհին Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանն էր, որ իր կտակին մէջ նշած էր, թէ գումարը պիտի յատկացուի ԼՕԽ-ի բարեսիրական ծրագիրներուն, որոնք պիտի կոչուին իր հօր եւ եղբօր անունով: Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 թուականը հռչակած է «Տարեցներու տարի», ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս ճաշարանը կոչած է Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանի անունով, իսկ անոր հօր եւ եղբօր անունով իրագործուելիք ծրագիրները պիտի նպատակադրեն նիւթական եկամուտ ապահովել այս ճաշարանին: Մարալ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ծրագիրին իրագործումին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, ճարտարապետներու յանձնախումբի մը եւ Վաչէ Տեկիրմենճեանին:

Մարալ Յովհաննէսեան հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը` աղօթքով փակելու ձեռնարկը: Առաջնորդ սրբազանը նախքան աղօթքը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ այս օրերուն, երբ դժբախտաբար մեր կեանքի կարիքները կը բազմանան, մեզի համար ուրախալի է, որ ԼՕԽ-ի նման միութիւնները լծուած են այդ կարիքները մեղմացնելու աշխատանքին: Առաջնորդ սրբազանը մատնանշեց, որ «սրտի ճաշարան» անուանումը իր մէջ կը խտացնէ հոգեւոր խոր իմաստ:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը ձեռնարկին փակումը կատարեց Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES