Մամլոյ 96-րդ Լսարան. Արտաշէս Շահպազեան Ներկայացուց «Հայ Տեղեկատուութեան Ժամանակակից Խնդիրները» Նիւթով Զեկուցումը

2406lsaran96Տեղեկատուական այս դարուն քաղաքական, հասարակական եւ տարբեր մարզերուն մէջ կատարուող արմատական փոփոխութիւնները սերտօրէն առնչուած են տեղեկատուական միջոցներու զարգացման եւ տարածման հետ: Այս մտահոգութենէն մեկնելով` «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կազմակերպած էր մամլոյ 96-րդ լսարանը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Լսարանի հիւրն էր ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանը, որ ներկայացուց «Հայ տեղեկատուութեան ժամանակակից խնդիրները» նիւթը:

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեանի բացման խօսքէն ետք Արտաշէս Շահպազեան նախ սեղմ կերպով անդրադարձաւ հայրենիք-սփիւռք բեմին վրայ համապատասխան զարգացումներուն ու փոխյարաբերութիւններուն, առկայ խնդիրներուն եւ անհրաժեշտ քայլերուն: Ապա ան յիշեց, թէ ինչպէս տարիներ շարունակ արցախեան իրադարձութիւնները,  Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին տագնապներով գրաւուած սփիւռքեան տեղեկատուական միջոցներու առաջին էջերու զգալի տարածքը, Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ համազգային կարեւորութեան միւս խնդիրները  մշտապէս տեղ գտած են հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ: Այս բոլորը կը վկայեն, թէ տեղեկատուական միջոցներու շնորհիւ հայութեան երկու հաւաքականութիւնները կ՛ապրին իրարու հոգերով:

Շահպազեան նկատել տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հայկական թերթերը, պատկերասփիւռի կայանները, ելեկտրոնային լրատուամիջոցները  մեծ ներդրում կ՛ունենան ազգի միասնականացման երկար ճամբան կրճատելու գործին մէջ: Ան նշեց նաեւ այն թերացումներն ու բացթողումները, որոնք կը խոչընդոտեն ցանկալի  արդիւնքներու հասնելուն: Ըստ Շահպազեանի, մեծագոյն խոչընդոտը տեղեկատուական ընդհանուր համակարգումի բացակայութիւնն է եւ մրցակցութեան երեւոյթը, որ  յատուկ է նաեւ տեղեկատուական դաշտին, որ երբեմն  կը յանգեցնէ ազգային իմաստով վտանգաւոր դրսեւորումներու:

Ըստ Շահպազեանի, լրագրողը պէտք է յստակ տարբերէ իր խօսքի թիրախը, ներքաղաքական կեանքը, ներազգային ու ներհամայնքային հասարակական եւ այլ երեւոյթները:

Շահպազեան եզրափակեց ըսելով, թէ նոր ժամանակները կը թելադրեն նորովի կազմակերպել աշխատանքները եւ բարձրացնել անոնց արդիւնաւէտութիւնը նոր մակարդակի վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում:

Արտաշէս Շահպազեանի զեկուցումը ամբողջութեամբ կը հրապարակենք հետագային:

 

Share this Article
CATEGORIES