Ամերիկացիներուն 58 Առ Հարիւրը Կը Մերժէ Օպամայի Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Պարաք Օպամա
«Վրեմիա»` վկայակոչելով «Սի.Էն.Էն.»-ի եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի միացեալ հարցախոյզը, կը հաղորդէ, որ մէկ ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտաքին քաղաքականութենէն դժգոհ ամերիկացիներուն թիւը կտրուկ կերպով աճած է:
Ըստ այնմ, Օպամայի արտաքին քաղաքականութենէն այժմ դժգոհ է ամերիկացիներուն 58 առ հարիւրը կամ իւրաքանչիւր տասը բնակիչէն վեցը: Մէկ ամիս առաջ այդ համեմատութիւնը 48 առ հարիւր էր:
Այս ընթացքին Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն մասնակցած են արտասահմանի մէջ շարք մը տագնապներու, մասնաւորաբար` Ուքրանիոյ զարգացումներուն: Այժմ Միացեալ Նահանգներ անսպասելի ճգնաժամի բախած են Իրաքի մէջ, ուր յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն իսլամականները: Այս պարագային ամերիկացիներուն մեծ մասը կը սատարէ Իրաքին նոր օդային հարուածներ հասցնելու հաւանականութեան:

