Չինաստանի Հիւսիս-Արեւմուտքը Մէկ Ամսուան Ընթացքին Ձերբակալուած Են Ահաբեկչական Խումբերու 32 Անդամներ

2406XinjiangԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով «Սինհուա» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան Սինցզիան-Ույղուրի ինքնավար շրջանին մէջ հակաահաբեկչական միամեայ արշաւի առաջին ամսուան ընթացքին ձերբակալուած են ահաբեկչական խումբերու 32 անդամներ:

Գրաւուած է 3.15 թոն պայթուցիկ նիւթերու պատրաստութեան համար նախատեսուած հում նիւթ, ինչպէս նաեւ 264 պայթուցիկ սարք եւ 357 պաղ զէնք:

«Այս տարուան սկիզբէն Սինցզիան-Ույղուրի ինքնավար շրջանին մէջ իրականացուած են շարք մը ահաբեկչութիւններ, ինչ որ լուրջ հարուած հասցուցած է շրջանի կայունութեան: Անհրաժեշտ է ներգրաւել իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ ուժերու ամբողջ ներուժը` ահաբեկիչներու եւ կրօնական ծայրայեղականներու գործունէութեան դիմադրելու համար», յայտարարած է ինքնավար շրջանին մէջ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը:

Share this Article
CATEGORIES