Եւրոպական Միութիւնը Ալպանիոյ` Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Շնորհած Է

Շթեֆան Ֆիւլէ

Շթեֆան Ֆիւլէ

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ Լիւքսամպուրկի մէջ ընդհանուր հարցերով Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշած է Ալպանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ շնորհել:

«Կը շնորհաւորեմ Ալպանիան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալուն առնչութեամբ, որուն շուրջ քիչ առաջ համաձայնած են նախարարները. ատիկա բարեփոխումներու մէջ ներդրուած ջանքերու ճանաչում է եւ նոր բարեփոխումներու կոչ», գրած է յանձնակատարը:

Նախապէս Ֆիւլէ յայտարարած էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը խորհուրդ տուած է Ալպանիոյ Եւրոպական Միութիւն մտնելու թեկնածուի պաշտօնական կարգավիճակ տրամադրել: Ան ընդգծած էր, որ Ալպանիան նշանակալի յաջողութիւններու հասած է փտածութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES