Վրաստան Որոշած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումէն Ետք Խորհրդակցութիւններ Կատարել Ռուսիոյ Հետ

Զուրապ Ապաշիծէ
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու վերաբերեալ փորձագէտներու խորհրդատուութիւններուն վերաբերեալ փորձագէտներու խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք:
Ապաշիծէ նշած է, որ յուլիսի առաջին կիսուն տեղի պիտի ունենայ իր հերթական հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ: Ատիկա տեղի պիտի ունենայ Փրակայի մէջ, իսկ «ատկէ քանի մը օր առաջ դարձեալ Փրակայի մէջ տեղի պիտի ունենան երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու վերաբերեալ փորձագէտներու խորհրդատուութիւնները»:
«Անոնք պիտի վերլուծեն այն աշխատանքը, որ կատարուած է վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին` Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան սկսելէ ետք, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկեն հետագայ առաջնահերթութիւնները», յայտարարած է Ապաշիծէ:
«Հաշուի առնելով այն, որ փորձագիտական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, բնականաբար, պիտի քննարկուի նաեւ այդ նիւթը», նշած է ան:
Ապաշիծէ ենթադրած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նիւթը պիտի քննարկուի նաեւ իր ու Քարասինի հանդիպումին ընթացքին:

