Բախումներ` Իրաքի Պիժի Քարիւղի Զտարանի Շրջանին Մէջ
Իրաք-Սուրիա սահմանային Ուալիտ անցքին մօտ իրաքեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան, երբ իրաքեան ապահովական ուժերը փորձեցին վերատիրանալ սահմանային անցքին: Վերջիններս դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն` նկատի ունենալով, որ այդ անցքէն առաջ գտնուող շրջանները կը գտնուին իսլամական զինեալներուն ձեռքը:
Մինչ այդ, իրաքեան բանակէն մասնայատուկ ուժեր յաջողեցան վերահսկողութիւն հաստատել քարիւղի Պիժի զտարանի հիւսիսային բաժինին վրայ:
Ֆալուժայի արեւելքը գտնուող Հաուր Պաշայի մէջ իրաքեան բանակը ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կեդրոնը` սպաննելով զինեալ խմբաւորման մարտական ղեկավարներէն Ապու Ուահապ Մարհաուին, որ ծանօթ է «Ապու Հարես» անունով:
Պապել նահանգին մէջ իրաքեան ապահովական ուժերը Հուլայի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Ժարֆ Սախրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 7 զինեալներ սպաննեցին, իսկ Սամարայի մէջ 14 ուրիշներ: Պապելի նահանգապետը յայտարարեց, որ Պաղտատ-Քարպալա ճամբան, ինչպէս նաեւ Քարպալա-Անպար ճամբան այլեւս ապահով են:
Միւս կողմէ, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, առանց օդաչուի թռչող սարք մը Մուսուլի մէջ հարուածած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կեդրոնատեղին` պատճառելով զոհեր:

