Փութին Դաշնակցային Խորհուրդին Առաջարկած Է Չեղեալ Նկատել Ուքրանիոյ Մէջ Զինեալ Ուժերը Օգտագործելու Արտօնութիւնը

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Վիեննա կատարելիք պաշտօնական այցելութենէն առաջ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի յղած է նամակ մը` առաջարկելով չեղեալ նկատել «Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օգտագործման մասին» խորհուրդի որոշումը:

Ըստ անոր, ատիկա կատարուած է «Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ այդ հարցին շուրջ եռակողմ բանակցութիւններու սկզբնաւորման առնչութեամբ»:

Յիշեցնենք, որ Դաշնակցային խորհուրդը 1 մարտին արտակարգ նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրած էր Ռուսիոյ զինեալ ուժերը Ուքրանիոյ տարածքին մէջ օգտագործելու մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դիմումը:

Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ բարձր գնահատեց Փութինի այս քայլը: Նախագահի կայքին վրայ նշուած է. «Ուքրանիոյ նախագահը կը կարծէ, որ Վլատիմիր Փութինի դիմումը Դաշնակցային խորհուրդին` Ուքրանիոյ տարածքին Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օգտագործման վերաբերեալ 1 մարտ 2014-ի որոշումը չեղեալ նկատելու մասին, առաջին գործնական քայլն է` ուղղուած Տոնպասի մէջ իրավիճակի կայունացման»:

Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ երկրին ղեկավարը դիմած է Գերագոյն ռատայի (խորհրդարանի) նախագահ Ալեքսանտր Թուրչինովին` առաջարկելով Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի ղեկավար Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ քննարկել Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի յառաջիկայ նիստին ընթացքին այդ հարցի քննարկման կարելիութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES