Ըստ Սուրիական «Ուաթան» Օրաթերթին. Հալէպի Հարաւը Գտնուող Գիւղի Մը Վերեւ Թռչող Թրքական Հետախուզական Օդանաւ Մը Վար Առնուած Է

2406SyriaԶինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական բանակը վար առած է հետախուզական օդանաւ մը, որ թռիչք կը կատարէր Հալէպի հարաւը գտնուող Խան Թուման գիւղին վերեւ: Օդանաւը գրաւուած է, սակայն այդ մասին տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարուած` սպասելով անոր պատկանելիութեան ճշդման: Սակայն աղբիւրը օրաթերթին նշած է, որ օդանաւը մեծ հաւանականութեամբ կը պատկանի թրքական օդուժին:

Սուրիական բանակին կողմէ վերջերս գրաւուած Թել Ազզանի մէջ գտնուող հակաօդային զէնքերը օդանաւը վար առած են:

 

Share this Article
CATEGORIES