Փարիզի Մէջ. Հարիրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆապիւսի Եւ Սլէյմանի Հետ

Ֆապիւս եւ Հարիրի

Ֆապիւս եւ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Քննարկուեցան սահմանադրական շարք մը հարցեր, նախագահական ընտրութեան վերաբերող խնդիրներ, խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքը ապահովող քայլեր, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու եւ Լիբանանը սադրանքներէ եւ ահաբեկչութեան հրդեհներէն փրկելու կարելիութիւնները:

Հարիրի յայտնեց, որ պայթումները երկչոտ արարքներ են` գործուած այնպիսի խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Լիբանանի մէջ պետութիւն չեն հանդուրժեր:

Ան կոչ ուղղեց Հըզպալլային դուրս գալու Սուրիայէն` Լիբանանի դիմագրաւած աղէտներուն առաջքը առնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES