Ֆրանսացի Ահաբեկիչը Ձերբակալուած Է «Սի. Այ. Էյ.»-ի Օժանդակութեամբ
Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, «Սի. Այ. Էյ.» ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը օժանդակած է լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն` Համրայի պանդոկներէն մէկուն մէջ ձերբակալելու համար ֆրանսացի քաղաքացին:
Ըստ նոյն օրաթերթին, ձերբակալեալը, որ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան կ՛այցելէր, «պարտականութիւն» ունէր Հարաւային արուարձաններուն մէջ երեք թոն «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթ կրող ականներ պայթեցնել` քաղաքական սպանութիւններու շրջագիծին մէջ:
«Քապաս» գրած է նաեւ, թէ ֆրանսացի երիտասարդը իր ուսերուն վրայ կը կրէր հիւլէական փոքր ռումբ մը, որպէսզի նոր Հերոշիմա մը պատճառէր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն չափով:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ 18 յունիսին ահաբեկչական յարձակում մը կատարելու յանցանքով ձերբակալուած է ֆրանսացի կասկածելի մը:

