Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը

Ժահժահ եւ Ռայի պատրիարքը

Ժահժահ եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահութիւնը ջնջելու պատերազմին մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Լիբանանը քանդելու` նախագահական ընտրութեան իր բախտը աւելցնելու նպատակով:

Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ՏԱՀԵՇ-ականութիւնը վատագոյնն է:

Ժահժահ ըսաւ նաեւ, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ ինք չէ կրցած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը համոզել խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու իմաստով:

Ան ցաւ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով տակաւին վերջնական քայլ մը առնելու կարելիութիւն չկայ, հակառակ իրենց մօտ գտնուող լուծումին:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի դիմագրաւած այս ծանր պայմաններուն ընթացքին Ռայի պատրիարքին այցելելը պարտականութիւն է:

Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանանի ապահովական ծանր իրավիճակը, նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES