Պըրրի. «Պաղեստինեան Դատը Կը Մնայ Բոլոր Իրադարձութիւններուն Հիմքը»

Մաշնուք եւ Պըրրի

Մաշնուք եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Էրվէ Լատսոն, որուն ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ պաղեստինեան դատը կը մնայ արձանագրուած բոլոր իրադարձութիւններուն հիմքը` ընդգծելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ այս կէտը նկատի ունենալը աւելի քան կարեւոր է, որովհետեւ հարցը շատ աւելի բարդացած է եւ վտանգաւոր դարձած` Իրաքի մէջ ժայթքած ներկայ հրաբուխէն ետք:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ այս պատահարին գլխաւոր նպատակներէն է նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը չի կրնար կայուն ըլլալ, այնքան ատեն որ սուրիական տագնապին մէջ լիբանանեան միջամտութիւնը կը շարունակուի, ըլլայ ան Սուրիոյ վարչակարգին հետ կամ անոր դէմ:

Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առկայ է, եւ անոր փաստը ահաբեկիչներուն մօտ արձանագրուած իրարանցումն է` ապահովութեան ուժերուն պատրաստուածութեան դիմաց:

Share this Article
CATEGORIES