Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստէն Ետք . Քանաան. «Ապահովութեան Հարցին Պէտք Է Ապահովական Ազգային Լուծում Մը Գտնել»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի մէջ կատարուած պայթումները, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած ապահովական ներկայ կացութիւնը դատապարտելը անբաւարար է եւ ընդգծեց, որ ապահովութեան հարցին պէտք է ապահովական ազգային լուծում մը գտնել:
Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ապահովական այս թղթածրարը որոշ ժամանակի մը համար հանդարտելէ ետք դարձեալ ի յայտ կու գայ:
Քանաան շեշտեց հանրապետութեան նախագահութեան ընթացքը սրբագրելու եւ բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ տակաւին կայ ընտրական օրէնք մը մշակելու եւ աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու պարտականութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահութիւնը ջնջելու պատերազմին մասին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած յայտարարութիւններուն պատասխանելով` Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը կացութիւն սրբագրելու եւ թեքնիք հարց մը լուծելու համար չէ, այլ` անհրաժեշտ է այս երկրին մէջ իսկական գործընկերներ ըլլալ, հետեւաբար բոլոր լիբանանցիներուն` ներառեալ Ժահժահի պահանջը պէտք է ըլլայ գործակցութիւնն ու Ազգային իսկական ուխտը:

