Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ֆարաոնը, Տիպը Եւ Մակ-Ի Պատուիրակութիւն Մը

Սալամ` ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան հետ

Սալամ` ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպը, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ անյայտ կորսուած քաղաքացիներու թղթածրարին առումով բացթողումներուն պէտք է վերջ տրուի: Ան հաստատեց, որ ճշմարտութիւնները պէտք է բացայայտուին եւ անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն ընտանիքները պէտք է իմանան իրենց հարազատներուն մասին:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Էրվէ Լատսոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրած է նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 26 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարչապետարանին մէջ:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 27 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ այս նիստին ընթացքին նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ընթացքին կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային մեքանիզմը վաւերացուի:

Share this Article
CATEGORIES