Թայեունէի Պայթումին Պատճառով Սպաննուեցաւ Ընդհանուր Ապահովութեան Քննիչներէն Մէկը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 23:40-ին, Թայեունէի հրապարակին վրայ գտնուող բանակի անցարգելին մօտ գործուեցաւ պայթում մը:
Պայթումը գործելու համար օգտագործուեցաւ «Մերսետես 300» տիպի սպիտակ ինքնաշարժ մը, որ ականուած էր 25 քիլոկրամ կշռող պայթուցիկ նիւթով:
Պայթումը պատճառեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու քննիչ Ապտել Քերիմ Հուտրուժի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց 20 ուրիշներ:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պայթումին մասին հետաքննութիւն բացուած է:
Երէկ պայթումին վայրը այցելեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր:
Միւս կողմէ, «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու բանբեր Սրաժէտտին Զրէյքաթ անդրադարձաւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն` նկատել տալով, որ Հըզպալլա կոյր կը ձեւանայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ սիւննի համայնքին դէմ իր գործած բռնարարքներուն նկատմամբ եւ իբրեւ այդպիսին ան սիւննի համայնքին թշնամութիւնը շահած է:
Զրէյքաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործուած պայթումները փաստեր են, որ Հըզպալլայի պատերազմը հաւատադրժողական կազմակերպութիւններու հետ չէ, այլ` սիւննի համայնքին զաւակներուն, որոնք ինքնապաշտպանութիւն կը կատարեն:
«Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմը թիրախ դարձնող եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուած պայթումները փաստեր են, որ ապահով պիտի չկարենաք ապրիլ, մինչեւ որ ապահովութիւնը վերադառնայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդին», շեշտեց Զրէյքաթ:
Թայեունէի պայթումը դատապարտեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններ:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Թայեունէն հարուածած պայթումը` զայն նկատելով ահաբեկչական տգեղ արարք մը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու եւ չընդառաջելու այն դաւադրութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումի սերմեր ցանել:
«Լիբանանը համայնքային եւ յարանուանական հաշիւներ մաքրելու կռուադաշտի կարելի չէ վերածել, եւ բոլոր այս փորձերը ձախողութեան պիտի մատնուին», ըսաւ Սալամ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին ամրապնդելու իրենց պատրաստ վիճակը, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ առնել ահաբեկիչներն ու անոնց արարքները:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր կարգին դատապարտեց պայթումը եւ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը սկսի երկրին ապահովական կայունութեան նկատմամբ յանձնառութենէն:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան դատապարտեց Թայեունէի պայթումը եւ կոչ ուղղեց արագ համախոհութիւն գոյացնելու` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ մը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց դարձեալ Լիբանանը հարուածած երկու պայթումները` շեշտելով ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան եւ աշխատանքի համադրումի կարեւորութիւնը:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը խստիւ դատապարտեց Թայեունէի պայթումը:
Հըզպալլա դրուատեց ապահովական նուաճումները եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու, իսկ ապահովութեան ուժերուն կոչ ուղղեց շարունակելու իր ջանքերը` ձախողեցնելու համար Լիբանանը հարուածող դաւադրութիւնները:
Ամալ շարժումը իր կարգին դատապարտեց ահաբեկչութիւնը եւ կոչ ուղղեց աշխատելու` ամրապնդելու համար երկրին ազգային ապահովութեան սիւները, որոնք արգելք կը հանդիսանան ամէն տեսակի սադրանքներու:
Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի դատապարտեց պայթումը եւ կոչ ուղղեց ընդարձակ զօրակցութեան` դիմակայելու համար ահաբեկչութիւնը:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի խստիւ դատապարտեց Թայեունէի պայթումը` յայտնելով, որ մինչ լիբանանցիները կը ջանան իրենց կեանքը ապրիլ, ահաբեկչութեան ձեռքերը կ՛երկարին` խանգարելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ Լիբանանը ահաբեկչութեան թիրախ է` ընդգծելով, որ անոր դէմ պայքարելու միակ միջոցը երկրին պաշտպանութեան շուրջ ազգային միասնականութեան գոյացումն է:
Թաուհիտ հոսանքը իր կարգին խստիւ դատապարտեց ահաբեկչութիւնը եւ շեշտեց ապահովական յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկելու եւ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` դիմագրաւել կարենալու համար ահաբեկչութիւնը:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ պահանջուածը ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին շուրջ համախմբուիլն է` դիմադրելու համար ահաբեկիչներուն:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի դատապարտեց պայթումը եւ շեշտեց «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց, որ ահաբեկիչները ծրագրած են Լիբանանի ազգային կայունութիւնը վտանգի ենթարկել:
Ամմար կոչ ուղղեց բոլորին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու, որովհետեւ անոնք են, որոնք երկիրը կը փրկեն ահաբեկչական արարքներէ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ Շաթիլայի հրապարակին պայթումը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ է եւ այդ գործողութիւնները կը կատարէ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի դատապարտեց Թայեունէի վրայ գտնուող բանակի անցարգելը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի միասնականութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել երկրին սպառնացող ահաբեկչական մարտահրաւէրը:
Փլամպլի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատունը դատապարտեց նախանցեալ գիշերուան պայթումը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կատարեալ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

