«Սահմանագիծին Վրայ Ներթափանցման Փորձերը Կ՛արգելակեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` մեկնաբանելով սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտումներու դէպքերը, յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն խուսափելու հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, որոնք կրնան սրել իրավիճակն ու վնասել խաղաղ հոլովոյթին:

Ուորլիք յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային կազմակերպուի վեհաժողով մը եւս` իբրեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու երկխօսութեան կառուցողական շարունակութիւն:

«Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները պիտի ընդունին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը` Փարիզի մէջ հանդիպելու առնչութեամբ», ըսած է ամերիկացի համանախագահը:

Ուորլիք նշած է, որ այդ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ:

«Սահմանագիծին վրայ այդպիսի ներթափանցման փորձեր կ՛արգելակեն տագնապի լուծումը, որ մեր հասարակաց նպատակն է եւ կրնայ յանգեցնել շրջանի բնակչութեան անվտանգութեան ու բարեկեցութեան», ըսած է ան:

Պատասխանելով համանախագահներու շրջան կատարելիք հերթական այցելութեան մասին հարցումին` Ուորլիք նշած է, թէ անհամբեր կը սպասէ բանակցութիւններու շարունակութեան կա՛մ շրջանին, կա՛մ այլ վայրի մէջ:

«Տակաւին կ՛աշխատինք հերթական հանդիպումը ծրագրելու վրայ», ըսած է Ուորլիք:

 

Share this Article
CATEGORIES