ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Քաթարի փոխվարչապետը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Քաթարի փոխվարչապետ շէյխ Ապտալլա Համատ Աթիէն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մհաննատիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նախագահ Սլէյման իր ողջոյնները փոխանցեց Քաթարի իշխանին` մաղթելով, որ Քաթար մնայ կայուն եւ բարգաւաճ երկիր մը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Հոլանտայի տնտեսութեան նախարար Նասեր Հաքիմը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու եւ հովանաւորելու լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկն ու զինուորական տողանցքը:

Share this Article
CATEGORIES