ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

Վարչապետ Միքաթի եւ նախարարները կ՛ընդունին երեսփոխաններու շնորհաւորութիւնները

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը երէկ հասան իրենց աւարտին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան շնորհելով 68 թեր քուէներ, այսինքն` խորհրդարանի ներկայ մեծամասնութեան անդամներուն քուէները:

Երեսփոխաններ Ռոպեր Ղանեմ եւ Իմատ Հութ մնացին ձեռնպահ, երեսփոխան Միշել Մըր իր կարգին թեր քուէարկեց կառավարութեան, Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան բացակայեցաւ նիստէն, իսկ ընդդիմութիւնը քուէարկութեան պահուն լքեց խորհրդարանի ժողովասրահը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի երրորդ օրուան եւ վերջին նիստը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ:

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միջազգային դատական ատեանին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերուն: Ան մանրամասնութեամբ խօսեցաւ այդ փաստաթուղթերուն մասին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ երեսփոխան Ալի Ամմար ընդմիջէ անոր խօսքը:

Սամի Ժեմայէլի խօսքը ունեցաւ նաեւ յուզիչ շեշտ մը, երբ ան անդրադարձաւ նահատակներու թղթածրարին:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի իր կարգին արտասանեց զգացական խօսք մը. ան իր խօսքը ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` նկատել տալով, որ պէտք է պահպանել Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի եւ նահատակներուն արիւնը յումպէտս հոսած չըլլայ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ պատասխանեց եռօրեայ նիստերուն ընթացքին Հըզպալլայի դէմ արձակուած բոլոր ամբաստանութիւններուն եւ յարձակումներուն:

Ան հանդարտօրէն բացատրեց Հըզպալլայի կեցուածքը Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ:

Ռաատ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ բոլորը կը պահանջեն ճշմարտութիւնը եւ կ՛երգեն արդարութիւնը` զանոնք նկատելով երկրին կայունութեան երաշխիքներ:

«Այս իմաստով ոչ ոք սակարկութիւն կամ փոխանակում կը կատարէ, սակայն Միջազգային այս ատեանը ճշմարտութիւն պիտի չբացայայտէ եւ ոչ ալ արդարութիւն պիտի հաստատէ, երբ ան Լիբանանի ապահովական կայունութեան կը սպառնայ», ընդգծեց երեսփոխան Ռաատ:

Նիստին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ նկատել տուաւ, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը հիմնել կուսակցութեան մը կողմէ: Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ օրէնք կը յարգուի իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ անցում կատարել դէպի պետութիւն:

«Պետութեան իշխանութենէն դուրս գտնուող զէնքը եւ այդ զէնքը շարժող որոշումը պէտք է մտնեն պետութեան մէջ», ըսաւ Ատուան:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան բոլոր շերտերուն:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններէն Պութրոս Հարպ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ինք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ, որովհետեւ անկախութիւնը կը բացակայի անոր մշակած աշխատանքային ծրագիրէն:

Իր կարգին, երեսփոխան Նաուաֆ Մուսասուի յայտնեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ հիմնուած է յատուկ գրասենեակ մը, որ ուղղակի կապուած է միջազգային հետաքննութեան: «Ով որ կը փափաքի այդ գրասենեակը այցելել, ես պատրաստ եմ վաղուընէ սկսեալ ընկերակցելու անոր` այցելելու համար այդտեղ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ գրասենեակը հիմնուած էր ընդունելու համար միջազգային հետաքննիչներուն նախագահը:

«Մենք մեր գրասենեակը բաց պահեցինք, իսկ Միջազգային հետաքննութեան յանձնախումբին կողմէ մեզի ներկայացուեցաւ անուանացանկ մը, որուն անդամներուն վկայութիւնները պահանջուեցան: Մենք պատրաստակամութիւն յայտնեցինք գործակցութեան եւ խնդրոյ առարկայ քաղաքացիները ուղարկեցինք Մոնթէ Վերտի, հակառակ այն իրականութեան, որ հարցաքննութեան կանչուողներուն մէջ կային ծերունիներ, որոնք ութսուննոց եւ իննսուննոց էին», հաստատեց ան` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց ազգային պարտականութիւններուն եւ չեն ուզեր, որ իրենց գործունէութիւնը որեւէ ձեւով կասկածի տակ առնուի:

Մուսաուի յայտնեց սակայն, որ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իրենց վստահութիւնը խախտեցաւ սուտ վկաներուն թղթածրարին անտեսումին եւ Միջազգային դատարանին կողմէ արձանագրուած տեղեկութիւններու սպրդումին պատճառով: «Բայց եւ այնպէս, ի վերջոյ իմացանք, որ տեղեկութիւններ սպրդեցնելու ձեւը Միջազգային դատարանին մեքանիզմին մաս կը կազմէ, իսկ այդ տեղեկութիւնները սպրդեցնողը եւ լրատուամիջոցի մը յանձնողը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասանն է եւ այս առնչութեամբ կատարած յայտարարութեամբս դատական իշխանութիւնները տեղեակ կը պահեմ», ըսաւ ան:

Մուսաուի իր խօսքը փակեց Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած Մուսթաֆա Պատրէտտինի անուամբ աղօթք մը արտասանելով:

Վարչապետ Միքաթի կ՛արտասանէ կառավարութեան ինքնապաշտպանութեան ճառը

Երեսփոխաններուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն աւարտէն ետք, վարչապետ Միքաթի ներկայացուց կառավարութեան ինքնապաշտպանութիւնը: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր ամբողջական գործունէութեան` աւելցնելով, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին եւ այդ իմաստով պարկեշտութեամբ կը գործէ:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան հետեւիլ եւ պիտի գործակցի այդ ատեանին հետ` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1757 բանաձեւը, որուն հիման վրայ ստեղծուած էր միջազգային դատարանը` արդարութիւն բանեցնելու եւ բացայայտելու համար Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը, ինչպէս իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացի, նախանձախնդիր է երկրին ապահովական կայունութեան, որ նաեւ բարձր կը գնահատուէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ:

Միքաթի հաստատեց, որ խօսք առնող երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը ակնարկած է Միջազգային դատական ատեանին յատուկ բանաձեւին պարագային օգտագործուած «սկզբունքով» եզրին` կառավարութեան գործունէութիւնը կասկածի տակ առնելու նպատակով:

Վարչապետը յայտնեց, որ ինք այդ բանաձեւը մէջբերած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան կողմէ 2 մարտ 2011-ին արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայացուած տեղեկագիրէն:

«Ամօթ է ըսել, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ չէ նահատակներուն, յատկապէս նահատակ վարչապետին յիշատակին: Իսկ ես անձնապէս կտրականապէս կը մերժեմ այս իմաստով կատարուած աւելորդաբանութիւնները, ո՛վ որ ալ կատարէ զանոնք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ճշմարտութեան բացայայտումն ու իրաւունքը իրաւատէրերուն յանձնելը ազգային վեհ նպատակ է, որուն համար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` հաւատարիմ մնալով նահատակներուն յիշատակին:

Պըրրի եւ զօր. Աուն` խորհրդարանի ժողովասրահի մուտքին

Միքաթի նկատել տուաւ, որ Հարիրիի սպանութեան հարցը պէտք է ազգային միասնականութեան թղթածրարի վերածել եւ ոչ թէ երկփեղկումի:

«Վստահ եղէ՛ք, որ Նեժիպ Միքաթին չէ, որ Միջազգային դատական ատեանը եւ արդարութիւնը բանակցութեան, սակարկութեան եւ խուսանաւումի առարկայի կը վերածէ` պահպանելու համար իշխանութիւնը: Ես ոչ մէկ նահատակի արեան հաշուոյն սակարկութիւն կը կատարեմ, յատկապէս Հարիրիի, որ ամբողջ Լիբանանի նահատակն է: Այս առումով ես ոչ ոքի կ՛արտօնեմ, որ վարչապետ Հարիրիի նահատակութիւնը օգտագործէ` թիրախ դարձնելու համար Լիբանանը եւ լիբանանցիները, որոնց յանձնառու կը մնար նահատակ վարչապետը», ընդգծեց ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ տիրած է առողջ մթնոլորտ, որուն ծիրին մէջ փաստուած է, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ ժողովրդավարութիւն, «սակայն արտասանուած խօսքերուն մէջ իմ հասցէիս ամբաստանութիւն եւ վիրաւորանք արձանագրուած է, հետեւաբար` այս առումով ես կը փափաքիմ հաստատել, որ կառչած կը մնամ իմ սկզբունքներուս եւ Թրիփոլիի բնակչութեան կ՛ըսեմ, թէ ճիգ պիտի չխնայեմ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու այդ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի ջանամ Թրիփոլիի մէջ ազգային ամբողջական հաշտութիւն գոյացնելու` ամրապնդելու համար շրջանին ապահովութիւնը», յայտնեց ան:

Մարտ 14-ի ուժերու երեսփոխանները կը լքեն ժողովասրահը

Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ պիտի ամրապնդէ ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի գործադրէ բարգաւաճման ծրագիրներ:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը փորձէ չբարկանալ, բայց կան հիմնական երկու համոզումներ, որոնց նշման պարագային բարկութիւնը կը պատէ անոր էութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ  այդ երկու համոզումներն են Լիբանանը, անոր միասնականութիւնն ու կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդին նախագահութիւնը եւ անոր պարզած խորհրդանիշը, դերակատարութիւնը, իրաւասութիւններն ու ազգային պատասխանատուութիւնը, որոնք կարմիր գիծեր են եւ ոչ ոքի արտօնուած է դպչիլ անոնց, ինչ ալ ըլլան պատճառները եւ մատուցուելիք զոհողութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES